ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգ. վարչութիւնը կը գուժեն մահը ազգային հասարակական գործիչ Քրիստափոր Իֆատեանի, որ մահկանացուն կնքեց Ուրբաթ, Օգոստոս 16ին։ Հանգուցեալը բազմաթիւ տարիներու կրթանուէր ազգային ծառայութիւն ունեցած է Բերիոյ (Հալէպ, Սուրիա) թեմէն ներս։
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանն ու ժողովականութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Վարդուհիին, դուստրերուն եւ համայն Իֆատեան ու Հարպոյեան ընտանիքներու հարազատներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.