ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութեան, Օգոստոս 31ին եւ Սեպտեմբեր 1ին, «Փաշայեան» ծառաստանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մուսա լերան հերոսամարտի 98րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:
Սիրելի թոռնիկս, նախանցեալ տարիներուն քեզի պատմեցի մուսատաղցի մեր պապերուն քաջագործութիւններէն, երբ անոնց՝
«Գաղթականութեան լուրն եկաւ, Սուէտիայի ժողովուրդին,
Չհնազանդեցան տաճկին, Մուսա լեռը բարձրացան»:
Մենք Մուսա լեռ բարձրացող պապերուն բոլոր քայլերուն հետեւեցանք քառասուն եւ աւելի օրեր, Մուսա լերան բարձունքին, Փօր Սայիտի Սուէզի աւազուտ ափերուն տարածուող վրանաքաղաքի բոլոր դառնութիւնները ճաշակող հայրերուն եւ մայրերուն հետ վերադարձանք պապենական տուն, սակայն 20 տարիներ ետք, երբ դեռ չէին անհետացած Փօր Սայիտի վրանաքաղաքին ձգած դառն օրերու թշուառութեան հետքերը, կրկին կը հնչէ գաղթականութեանի տխուր ձայնը՝ փոթորկելով սրտերն ու հոգիները:
Դէպի ո՞ւր: Շշուկները բերնէ-բերան տարածուեցան, եւ ահա բեռնաւորուած ինքնաշարժները, դանդաղ ընթացքով կը շարժին՝ կտրելով Անտիոքի կեդրոնական պողոտաները, եւ կ՛ուղղուին դէպի Պասիթ, ապա՝ Թրիփոլի, Ռայաք եւ հուսկ մուսալեռցիներու վերջին կայքը՝ Այնճար:
Ահա՛, սիրելի թոռնիկ, մուսալեռցի մեր պապերուն 1915-1939 տարիներու կեանքի պատմութիւնը՝ ընդելուզուած աղի արցունքի կաթիլներով եւ թշուառութեան արատներով:
Սակայն սիրելիս, մեր պապերը, ո՛ւր որ գացին, ի՛նչ պայմաններու տակ գտնուեցան, իրենց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ միշտ վառ պահեցին 18 նահատակներուն կտակը եւ անոնց յիշատակին համար յաղթանակի կոթողներ սարքեցին հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, ամէնուրեք, ապա անոնց հովանիին տակ բոլորուելով ու անոնց յիշատակը ոգեկոչելով՝ իրենց սրբազան ուխտը վերանորոգեցին:
Սիրելի թոռնիկ, այս անգամ պիտի ներկայացնենք, այն երկիրները, ուր կը գտնուին Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանները:
Մուսալեռցի մեր պապերը, Փօր Սայիտէն վերդարձին, ամէն տարի խուռներամ Մուսա լեռ կը բարձրանային եւ Տամլաճըքի հովիտին մէջ, 18 նահատակներու հողակոյտերուն դիմաց հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէին. հերոսամարտէն ճիշդ 17 տարի ետք, անոնք Տամլաճըքի բարձունքին կը կառուցանեն յաղթանակի առաջին կոթողը: Անիկա կը խորհրդանշէ նաւը, իսկ դիմացէն դիտուած՝ գմբէթներով եւ խաչերով մատուռ մը, ճակատին՝ կայմ: Յուշարձանին ճարտարապետն է Գալենտերը: Յուշարձանին պատշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ 18 Սեպտեմբեր 1932ին, եւ անոր ներկայ կ՛ըլլան ֆրանսական Արեւելեան նաւատորմի բարձրաստիճան սպաներ: Այս առիթով կը գործադրուի յատուկ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մուսալեռցի պատասխանատու անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ խօսք կ՛առնեն ֆրանսացի պատուիրակներ՝ գնդապետ Հիւկընէ եւ ծովակալ Ժուպեռ: Յուշարձանի բացումէն ետք, հիւրերը կ՛առաջնորդուին Խըտրպէկ գիւղը, ուր պատմական սօսիին տակ տեղի կ՛ունենայ շքեղ ճաշկերոյթ, ի պատիւ հիւրերուն:
1946-1947 տարիներուն, մեծ թիւով ընտանիքներ Այնճար հայաւանէն կը ներգաղթեն Հայաստան, եւ Էջմիածին շրջանի Մուսա լեռ աւանին մէջ, 1978ին կը կառուցանեն Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած երկրորդ կոթող մը, որուն ճարտարապետն է Ռ. Իսրայէլեան, իսկ քանդակագործը՝ Ս. Յարութիւնեան:
Երրորդ յուշարձանը կը կառուցուի 1989ին, Քանատայի Քեմպրիճ քաղաքի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ. անոր ճարտարապետն է մուսալեռցի արուեստագէտ՝ Յակոբ Ճամպազեանը:
Չորրորդ յուշարձանը կը կառուցուի Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ. անոր հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի 10 Սեպտեմբեր, 1995ին, Մուսա լերան հերոսամարտի 80ամեակին առիթով: Ներկայութեամբ Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Հայ կաթողիկէ պատրիարք Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ.ի, Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ՝ վերապատուելի Յովհաննէս Գարճեանի, ինչպէս նաեւ նախարարներու, երեսփոխաններու, զինուորական, պետական եւ կուսակցական ներկայացուցիչներու, 80ամեակի յուշարձանի բացման հանդիսութիւնը բարձր հովանաւորութիւնը կը վայելէր հոգեւոր պետերուն: Պատարագէն ետք տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն 18 նահատակներու յիշատակին, ապա անոնց աճիւնները կը զետեղուին յուշարձանին մէջ:
1915ի Ցեղասպանութեան յիշատակին համար, հայ ժողովուրդը ամէնուրեք կոթողներ եւ խաչքարեր կառուցած է եւ ամէն տարի, Ապրիլ 24ին, անոնց շուրջ համախմբուելով՝ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը կը վերակոչէ: Այդ կոթողներէն յիշենք Էջմիածինի խաչքարը (1965), Երեւանի Ծիծեռնակաբերդը (1967), Նայիրի շրջանի Նոր Երզնկա գիւղի յուշարձանը (1973), Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքինը (1973), Լոս Անճելըսի Մոնթեպելլօ շրջանինը (1965), Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքինը (1988-1989), Շթութկարթինը (1987), Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքինը եւ այլ վայրերու մէջ:
Սակայն 1915ին, արաբական անապատներու մէջ մահացած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն աճիւնները կը գտնուին միայն հետեւեալ վայրերու յուշարձաններուն մէջ, որոնց մասին ժամանակին արտայայտուած ենք «Ասպարէզ»ի սիւնակներուն մէջ.
ա.- Ֆրեզնոյի «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան անծանօթ հայու շիրիմը: 1929ին, Մանասէ պատուելին Միջին Արեւելք կ՛երթայ եւ վերադարձին կ՛այցելէ Տէր Զօր ու հետը կը բերէ անծանօթ հայու մը աճիւնը, ապա զայն կը թաղէ Ֆրեզնոյի նշեալ գերեզմանատան մէջ:
բ.- Անթիլիասի Նահատակաց յուշարձան-մատուռը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս սրբազանը Զահլէ քաղաքէն կը կանչէ իրեն ծանօթ հաճընցի Յարութիւն Յովակիմեանը եւ զայն կը լիազօրէ երթալու Տէր Զօր, Ռաս ուլ Այն, Ռաքքա, Մեսքենէ եւ այլ վայրեր, հաւաքելու համար Մեծ Եղեռնի նահատակներուն աճիւնները եւ ապա զանոնք Անթիլիաս բերելու: Յ. Յովակիմեան, 1938ի Նոյեմբեր 17էն Դեկտեմբեր 12, ականատես վկաներու հետ կը շրջի, փոսերէն, ջրհորներէն, քարայրներէն, դաշտերու մէջ անյայտ եւ լքուած հողակոյտերէն կը հաւաքէ 150 գանկ, ոտքերու եւ ձեռքերու ոսկորներ, ապա հականեխելէ ետք, չորս մեծ սնտուկներու մէջ կը զետեղէ ու արտօնութեամբը Սուրիոյ ներքին գործոց եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն՝ զանոնք Անթիլիաս կը փոխադրէ: Դեկտեմբեր 17ին, Պետրոս սրբազան Նահատակաց յուշարձան-մատուռին հիմնարկէքը կը կատարէ, իսկ 1939ին, Մայր տաճարի օծումէն ետք կը կատարուի նաեւ յուշարձանին օծումը, որուն ընթացքին կը զետեղուին արաբական անապատներէն բերուած անծանօթ հայերու աճիւնները:
Անթիլիասի յուշարձանը ուխտատեղի կը դառնայ բովանդակ հայութեան, ի մասնաւորի Լիբանանի հայ աշակերտութեան: Ապրիլ 24ին եւ յաջորդող օրերուն, դպրոցներու աշակերտները շարան-շարան կու գային եւ ծաղկեպսակներ զետեղելով՝ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցանէին: Սոյն տողերը գրողս եւ Մարտիկեան վարժարանի աշակերտները, 18 տարիներ շարունակ, ամէն տարի յուշարձանին դիմաց յատուկ յայտագիր կը գործադրէինք, իսկ «Ճպուռ» երգչախումբը երգերով իր յարգանքը կը մատուցանէր:
գ.- Մուսա լերան Տամլաճըք հովիտի 18 նահատակներու աճիւնները, որոնք թաղուած էին Տամլաճըքի հովիտին մէջ, 1939ի գաղթականութեան օրերուն մուսալեռցիք իրենց հետ Այնճար հայաւան կը տանին եւ յատուկ արկղներու մէջ զետեղելով՝ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կը պահուին: 1995ին, հերոսամարտի 80ամեակի տօնակատարութեանց, երեք հոգեւոր պետերու առաջնորդութեամբ անոնք կը զետեղուին նորակառոյց յուշարձանին մէջ:
դ.- Տէր Զօրի նորակառոյց եկեղեցին. երկու կաթողիկոսներուն օրհնութեամբ, Տէր Զօրի մէջ կը կառուցուի եկեղեցի մը, սակայն Սուրիոյ վերջին դէպքերուն, այդ եկեղեցին մեծ վնասներ կը կրէ:
Սիրելի թոռնիկ, այս էջով վերջ կը գտնէ Մուսա լերան մեր արի պապերուն պատմութիւնը. պապուկիդ ջերմ փափաքն է, որ ապրիս ու գործես Մուսա լերան 18 նահատակներուն ոգիով:
ե.- Եւ, անշուշտ, Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանը:
Սիրելի թոռնիկ, հայրենակիցներ, բարեկամներ եւ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներ,
Շաբաթ, Օգոստոս 31ին եւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 1ին, «Փաշայեան» ծառաստանին մէջ տեղի ունենալիք Մուսա լերան հերոսամարտի 98րդ տարեդարձի տօնակատարութեան առիթով, Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնը սիրով կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու: Պիտի մատուցուի Ս. պատարագ, պիտի կատարուին հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնէք: Օրուան պատարագիչն է Խորէն քհյն. Պապօշեան, իսկ պատգամաբերները՝ Էտվըրտ Մինասեան եւ Էտվին Յովհաննէս: