ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Նախորդող հինգ յօդուածներով ընհանրական գիծերու մէջ ներկայացուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական հիմերն ու սկզբունքները: (Տե՛ս Ասպարէզի Յուլիս 20, 27, Օգոստոս 3, 10 եւ 21 համարները, ուր յաջորդաբար ուրուագծուեցան հետեւեալ նիւթերը՝ Ա. Կարծիքի Ազատութիւնն ու Ապակեդրոնացումը, Բ. Պարագլուխնե՞ր Թէ Պատասխանատուներ, Գ. Դաշնակցականը, Դ. Դաշնակցական Մարմինները, եւ Ե. Դաշնակցական Ժողովները):
Կազմակերութեան մէջ խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը հիմնական սկզբունքներ են Դաշնակցութեան համար: Կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կ՛ապահովէ որոշումներու գործադրման ուղղութեամբ մարտավարական թոյլտուութիւն: Իր ղեկավարման մէջ Դաշնակցութիւնը մենատիրութեան ձգտումներ չի թոյլատրեր՝ շնորհիւ իր դաւանած գաղափարական հիմունքներուն եւ իր կիրարկած կանոնագրային ժողովրդավար ենթահողին: Դաշնակցական մարմինները գործադիրներն են որդեգրուած որոշումներուն եւ ուղղութեանց, սակայն անոնք ստորադաս եւ համարատու են զիրենք ընտրող ժողովներուն: Իսկ դաշնակցական ժողովները դարբնոցն են դաշնակցականներու կամքին ու վճիռին, որոնց պէտք է ենթարկուին դաշնակցական շարքայինն ու մարմինը:
Սակայն, այս բոլորով հանդերձ՝ «Ո՞րն է Դաշնակցութիւնը», ինչպէս խորագիրը կը հարցադրէ: Հարցադրում մը, որ կատարած է Դաշնակցութեան տեսաբան Նիկոլ Աղաբալեան իր «Մտածումներ»ուն մէջ եւ տուած՝ իր սպառիչ բացատրութիւնը: (Տե՛ս Նիկոլ Աղբալեան, «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան Մասին», Ամբողջական Երկեր, Գ. Հատոր, 1967, էջ 278-284):
Այս հարցադրումը չի վերաբերիր Դաշնակցութեան կուսակցութիւն ըլլալու փաստին ու հանգամանքին, որոնք կը դրսեւորուին իր Ծրագիրով, Կանոնագիրով, պատմութեամբ, նահատակներով, հերոսներով, իրագործումներով, ձախողութիւններով, որոշումներով եւ մարմիններով: Հարցադրումը կը վերաբերի Դաշնակցութեան էութեան: Այսինքն, ո՞րն է «Դաշնացկցութիւնը իր էութեան մէջ»:
Աղբալեանի պատասխանը յստակ է, ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆ Է: (Տե՛ս Աղբալեան, նոյն, էջ 278): ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը Դաշնակցութիւնն է, որովետեւ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներու եւ դաշնակցական մարմիններու միտքերը, որոշումները, վճիռները եւ կամքը: Այսպէս՝
ա. ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներն ու վճիռներն են միայն, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ Դաշնակցական: Անոնք պարտադիր են բոլոր շարքայիններուն, մարմիններուն եւ ժողովներուն: Որեւէ ստորադաս ժողով կամ մարմին կրնայ բիւրաւոր որոշումներ կայացնել, սակայն անոնք Դաշնակցական կը ճանչցուին այն չափով որ չեն հակասեր ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն:
բ. Անհատ կուսակցականները կամ մարմինները կրնան բիւրաւոր գործեր ծրագրել եւ գործադրել: Սակայն անոնք Դաշնակցական գործ եւ յղացում չեն համարուիր եթէ կը հակասեն ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի գծած ուղղութեան, որոշումներուն եւ աւանդութեանց:
գ. Միայն ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովն է, որ հիմք ունենալով բոլոր դաշնակցականներու առաջադրանքները, կը մշակէ, կը կազմէ ու կը հաստատէ ՀՅԴ Ծարագիրն ու Կանոնագիրը, որոնք պարտադիր կը դառնան բոլոր դաշնակցականներուն, դաշնակցական ժողովներուն եւ մարմիններուն: Որեւէ այլ ժողով, մարմին կամ շրջան չի կրնար իր սեփական ծրագիրն ու կանոնագիրը ունենալ, եթէ անոնք կը հակասեն ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որդեգրած ծրագրային ու կանոնագրային սկզբունքներուն:
դ. Ամէն դաշնակցականի, դաշնակցական մարմինի եւ ժողովի ընթացքը պէտք է համընկնի ու համապատասխանէ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի ճշդած ուղղութեան: Իսկ ՀՅԴ Ընդահնուր Ժողովը իր ընթացքը կ՛որոշէ ազատ եւ անկախ: Իր այս որոշումին մէջ, «Նա յենւում է իր անդամների իմացական կարողութեան եւ փորձառութեան, լսում է բոլոր շրջանների ու մարմինների կարծիքն ու տրամադրութիւնը, նկատի ունի ամէնքի պահանջն ու դիտողութիւնը, բայց ենթակայ չէ նրանց: (Աղբալեան, նոյն, էջ 279):
ե. Բոլոր դաշնակցականները եւ մարմինները պատասխանատու են իրենց գերադաս մարմիններուն եւ ժողովներուն: Սակայն, «միմիայն Ընդհանուր ժողովն է, որ պատասխանատու չէ ոչ ոքի առջեւ: Նրա դատաւորը հայոց պատմութիւնն է, մինչդեռ մարմինների եւ ընկերների գերագոյն դատաւորը Ընդհանուր ժողովն է: (Աղբալեան, նոյն, էջ 279):
Արդ, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը «բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, նրա միտքն ու կամքը: Նա Դաշնակցութիւնն է իր ներկայ կազմով եւ անցեալ պատմութեամբ:» (Աղբալեան, նոյն, էջ 279): Այս գերագոյն ժողովին ներկայ են ոչ միայն բոլոր դաշնակցականները, այլեւ հոն կը շնչեն Դաշնակցութեան «հազարաւոր հերոսների եւ նահատակների յիշատակը»: (Նոյն):
Երբ աւարտած է Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, անոր վճիռները վերջնական են ու անառարկելի՝ հետեւող քառամեակին համար, այսինքն՝ մինչեւ յաջորդ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը: Անոր աւարտին կը դադրին «բոլոր ինքնասիրութիւններն ու յաւակնութիւնները»: (Նոյն, էջ 280): Կը սկսի դաշնակցական գործի նոր հանգրուան՝ իրագործելու համար ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի որոշումները, վճիռները եւ գծած վարքագիծը, որոնք կը հանդիսանան բոլոր դաշնակցականներուն կամքը:
ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, որովետեւ ան կ՛իմաստաւորէ Դաշնակցութեան գոյութիւնը՝ ի սպաս Հայաստանի ու Հայութեան դատին, որոնք պատուանդանը կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղափարական նպատակներուն եւ գործնական աշխատանքներուն: Հետեւելով Ռուբէն Տէր Մինասեանին (տե՛ս «ՀՅԴ Կազմակերպութիւնը», (1935), 1978ի հրատարակութիւն, էջ 17), այդ գոյութեան չորս անփոփոխելի հիմքերըն են.
1) Հայութեան պահպանում
2) Հայաստանը՝ հայութեան
3) Ուժ եւ կազմակերպութիւն
4) Արդար աշխատանք
Մեկնելով այդ չորս հիմունքներէն, յաջորդական ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներ որոշած ու գործած են դաշնակցական կազմակերպութեամբ կերտելու հայութեան ուժը Հայաստանի համար: Այդ կերտիչ աշխատանքին մէջ ՀՅԴ Ընհանուր Ժողովը կ՛առաջնորդուի եռագոյն դրօշով, որուն վրայ գրուած է «Լեռնային Ղարաբաղ, Նախիջեւան, Ախալքալաք՝ մէկ կողմէ եւ Տաճկահայաստանի գաւառներ՝ միւս կողմէ, որոնք պիտի միացուին բուն հայրենիքին:» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, նոյն, էջ 28):