ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ազատագրուած հայրենիքը բնակեցնելու ծրագիրին նշանակութիւնը, անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը՝ անվիճելի է: Այս հաստատումը իբրեւ հիմք ընդունելով՝ եկէք ընթերցենք «Հետք» լրատուական կայքէջին վրայ լոյս տեսած Քրիստինէ Աղալարեանի հարցազրոյցը՝ Քաշաթաղի վարչական շրջանի ղեկավար Սուրէն Խաչատրեանի հետ:
Հարցզարոյցի վերնագիրը արդէն պարտուողական է, լալկա՛ն. «Սիրիահայ 29 ընտանիք է ապրում Քաշաթաղում, 40ը հերթագրուած է. վերաբնակեցման համար միջոցներ չկան»:
Աժան բացագանչութիւններով իրավիճակի անհեթեթութիւնը չէ, որ կ՛ուզենք այստեղ շեշտել: Պարզապէս՝ ազգային ծրագիրի պակասն է, որ կը նեղացնէ մեզ եւ որ կրնայ բացատրուիլ սոսկ մէկ բառով՝ անճարակութիւն:
Ամբողջ ազգով անճարակ ենք այս քառասուն սուրիահայ ընտանիքները տեղաւորելու, լուծելով կրկնակի խնդիր՝ տարագիր հայ ընտանիքներու տեղաւորում եւ վերաբնակեցման ծրագիրի ազդու քարոզչութեան իրագործում:
Բայց ո՛չ, վարչական ղեկավարը ամբողջ հարցազրոյցին ընթացքին միայն սահմանափակումներու մասին կը խօսի, դժուարութիւններ կը մատնանշէ, բոլորը՝ առարկայական՝ այն տպաւորութիւնը թողելով, որ եթէ սփիւռքահայ հարուստները իրենց արձակուրդի ծախսերէն յատկացումներ չկատարեն այս ծրագիրներուն, ապա վերաբնակեցամ գործը տեղէն պիտի չշարժի:
Քաշաթաղի վարչական շրջանը ունի տասը հազար բնակիչ: Վարչական ղեկավարին վկայութեամբ՝ այս շրջանին մէջ կը մշակուի քսան հազար հեքթար հող: Ինչպէ՞ս կարելի է այսպիսի հարուստ պայամններու տակ խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ պահել բնակչութիւնը:
Շրջանի տարեկան պիւտճէն հինգ միլիառ դրամ է, որ հասաւար է շուրջ տասներկու միլիոն տոլարի, որուն միայն չորս հարիւր հազարը կը յատկացուի բնակարաններու շինանիւթ տրամադրելուն, այսինքն՝ վերաբնակեցման հիմնական միջոցներէն մէկը նկատուող բնակարանաշինութեան կը յատկացուի արդէն իսկ խեղճ պիւտճէի մը աւելի՛ խեղճուկ բաժինը:
«Սիրիահայ քանի՞ ընտանիք է վերաբնակուել Քաշաթաղում» հարցումին, Աղալարեան ստացած է հետեւեալ պատասխանը. «Մօտ 1.5 տարի առաջ արդէն սիրիահայ ընտանիքներ եկան: Մօտ 29 սիրիահայ ընտանիք ունենք, մօտ 40 ընտանիք էլ հերթագրուած են, բայց այսօր տեղ չունենք, որպէսզի ընդունենք: Այդ ընտանիքներից 5ը ներկայումս ապրում է մեր հիւրատանը: 12 բնակարանանոց շէնք սիրիահայերի համար կառուցւում է Կովսականում, որը ֆինանսաւորուել է «Օգնի՛ր եղբօրդ» ծրագրով: Մօտ մէկ ամսից կ՛աւարտենք ու մեր խնդիրը կը թեթեւանայ: Երկյարկանի 9 բնակարանանոց շէնք աւարտելու ենք Իշխանաձոր համայնքում՝ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով: Խնդիրներ շատ են լինում, հիմնականում՝ շինանիւթը քիչ է»: Այս ընթացքով, երեւակայեցէք քանի՛ տարի ետք Քաշաթաղը կրնայ քիչ թէ շատ վերաբնակեցուած նկատուիլ, եթէ անշուշտ հակառակ գործընթացը աւելի արագ չըլլայ ու գացողներուն թիւը աւելի չըլլայ քան եկողներունը:
Այս անհեթեթ վիճակը բարելաւելու ճանապարհներ կան, անշո՛ւշտ: Անճարակութիւնը յաղթահարելու համար, առարկայական հսկայական խոչընդոտներու դէմ պէտք է գործարկուի ենթակայական նոյնքան հզօր ազդակներ՝ սկսելով լաւագոյն անձերու նշանակումով, այսինքն՝ սրտցաւ, ստեղծագործ, նախաձեռնող, աղմկարար, աշխարհի ուշադրութիւնը իրենց շրջանին ու իր ծրագիրներուն վրայ մշտապէս հրաւիրող պաշտօնեաներ ունենալով ղեկի վրայ:
Ապա՝ աշխարհի հայութիւնը, արձակուրդի գացող սփիւռքահայերէն մինչեւ աշխատող սովորական հայ մարդը, պէտք է համոզել, որ իր լուման բերէ վերաբնակեցման գործին՝ հաւատացնելով, որ իւրաքանչիւր դրամ իր նպատակին կը ծառայէ:
Առաջին հերթին՝ վճռականօրէն լուծենք տեղ չունենալու հարցը եւ առնուազն փափաքողները տեղաւորենք, ամէն գնով: