ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- «Քրեսենթա Վելի» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, Մայքըլ Եղիայեան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Քենիոյ որբանոցներէն մէկուն հեծանիւներ հասցնելու համար Սեպուհ Բազիկեանի իւրայատուկ նախաձեռնութեան մասին:
Բազիկեան Քենիոյ Մաքուենի քաղաքը գործող «Մաչաօ» որբանոցին տնօրէն դոկտ. Քերոլայն Ռաուլիէն իմացած է 43 որբերու մասին, որոնք պարտադրուած են ամէն օր երկու ժամ քալելու, իրենց դպրոցը հասնելու համար:
8-10 տարեկան այս երեխաներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու տրամադրութեամբ, 17ամեայ Սեպուհը 2012ի ամառնային արձակուրդի օրերուն «զինուորագրած» է իր եղբայրը՝ Շանթ Բազիկեանը, եւ բարեկամները՝ Ալեքս Չաղչեանն ու Շոն Պըրտը, որոնց հետ հիմնած է «Հեծանիւներ՝ որբերուն («Bikes 4 Orphans») ոչ շահաբեր կազմակերպութիւնը՝ սկսելով դրամահաւաքի աշխատանքի:
Այդ աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղած է գոյացնել 6300 տոլար գումար մը, որուն 1000 տոլարը տրամադրած է «Փոլինէյշըն» հիմնարկը: Այդ գումարէն 4300 տոլար տրամադրուած է վերոյիշեալ 43 հեծանիւները գնելու եւ զանոնք տեղ հասցնելու աշխատանքին:
Սեպուհ Բազիկեան կրցած է անձամբ մասնակցիլ յանձնումի արարողութեան՝ իր մորթին վրայ զգալու համար երեխաներուն կրած ամէնօրեայ յոգնութիւնը. ան օր մը անոնց հետ քալած է դէպի դպրոց, նոյն այդ ճամբով: Այժմ աշակերտները 15 վայրկեանէն կը հասնին իրենց դպրոցը:
Կազմակերպութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի Քենիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ քանի մը որբանոցներու հեծանիւներ ապահովելու համար: Այդ աշխատանքներու ծիրէն ներս, որոշուած է Հոկտեմբեր 26ին հեծելարշաւ ու քայլարաշ մը կազմակերպել Կլենտէյլի մարզական համալիրին մէջ:
Կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.bikes4orphanages.blogspot. com կայքը կամ «Ֆէյսպուք»ի անոնց էջը՝ www.facebook.com/bikes4orphans հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.