ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանից դեղձի արտահանման ծաւալները գերազանցել են 700 տոննան՝ 71.4 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուայ ցուցանիշը», հաստատած է գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Ռոբերտ Մակարեանը: «Այսօրուայ դրութեամբ արդէն 720 տոննա դեղձ է արտահանուել, իսկ մթերման ծաւալները կազմել են 460 տոննա», նշած է ան։ Գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը յայտնած է նաեւ, որ 28 Օգոստոսի դրութեամբ Հայաստանէն արտածուած է 775 թոն լոլիկ, մթերուած՝ 6000 թոն:
Հայաստանի մէջ 9 Օգոստոսին սկսած են դեղձի եւ լոլիկի մթերումները: Մինչ այդ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կատարած է հսկողութիւն՝ գիւղատնտեսական բոլոր մթերքներու կանխատեսուող քանակներու վերաբերող, որպէսզի մթերումները առանց խոչընդոտներու կատարուին: Ըստ գոյացած տուեալներուն, 60 հազար թոն բանջարեղէնի եւ 34 հազար թոն պտուղի մթերման նախնական պահանջք կայ: Դեղձի մթերումը կատարած են «Նոյ» գործարանը, Արտաշատի պահածոներու գործարանը եւ «Սիս Նատուրա» գործարանը, ինչպէս նաեւ քանի մը փոքր կազմակերպութիւններ:
Մթերումներէն առաջ տրուած են նաեւ այցելութիւններ վերամշակող մեծ կազմակերպութիւններու։ Կարկտահարութենէն ետք եւս կատարուած է դեղձի եւ ծիրանի կանխատեսուող ծաւալներու գնահատում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.