ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Օգոստոս 18ին երիտասարդական բանակումի մը մասնակիցներուն տուած այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղուեցան ներքին եւ արտաքին խնդիրներու վերաբերեալ շարք մը հարցումներ: Անոնցմէ մէկը յատկապէս արժանացաւ մեծ ուշադրութեան՝ նախագահին անսպասելի պատասխանին պատճառով:
Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն Հայաստանի համար ո՞ր թեկնածուն նախընտրելի է հարցումին տուած պատասխանով նախագահ Սարգսեան զարմացուց բոլորը՝ նախապատուութիւնը տալով գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերընտրութեան:
Սովորաբար, երբ քաղաքական գործիչներուն կը հարցնեն, թէ ո՞վ է իրենց նախընտրած թեկնածուն օտար երկրի մը ընտրութիւններուն, անոնք ձեռնպահ կը մնան որեւէ կարծիք յայտնելէ կամ պարզապէս կը յայտարարեն, որ այդ մէկը տուեալ երկրի ընտրողներուն որոշումն է: Այս պարագային նախագահ Սարգսեան չխուսափեցաւ իր յստակ նախապատուութիւնը յայտարարելէ եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի համար նախընտրելի է Հոկտեմբերին նախագահ Ալիեւի երրորդ անգամ ընտրուիլը.
«Հայաստանի համար, եւ ոչ միայն Հայաստանի համար, ժողովրդավարութեան ճանապարհով ընթացող հարեւաններն են ձեռնտու: Այստեղից էլ՝ եզրակացութիւն, որ որպէս հարեւան, յատկապէս որպէս բանակցային գործընկեր՝ մեզ միանշանակ ձեռնտու է ժողովրդավարական Ատրպէյճանը: Բայց եթէ այս հանգամանքը մի կողմ դնենք, հարցի պատասխանը հետեւեալն է՝ մեզ համար թերեւս ամենաձեռնտուն կը լինէր, որ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւը յաղթէր: Մենք անկախ նրանից, որ դժուարին, բայց երկար բանակցային ճանապարհ ենք անցել, եւ գրեթէ ուրուագծուել է խնդրի լուծման ճանապարհը, գոնէ՝ Մինսկի խմբի համանախագահների առաջարկած սկզբունքները հրապարակաւ ընդունուելը: Դրանց շուրջ արդէն չորս տարի է աշխոյժ բանակցութիւններ ենք վարում: Ճիշդ է, հիմա ես չէի ասի, որ բանակցային գործընթացը շատ աշխոյժ է ընթանում, բայց այնուհանդերձ, բաւական ճանապարհ ենք անցել, եւ եթէ ընտրութիւններից յետոյ Իլհամ Ալիեւը կարողանայ կամք դրսեւորել եւ վեր կանգնել հայատեացութեան իր այդ մոլուցքից, ես կարծում եմ՝ մեզ համար ամենաընդունելի եւ նախընտրելի տարբերակը դա է»:
Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը անմիջապէս քննադատութեան արժանացաւ ինչպէս մեր երկրին, այնպէս ալ Ատրպէյճանի մէջ, ինչ որ զարմանալի չէ:
Երեւանի մէջ ընդդիմութեան առաջնորդները ապշած էին, որ Հայաստանի նախագահը կրնայ արտայայտուիլ ի նպաստ վերընտրութեան նախագահ Ալիեւի, որ բազմիցս սպառնացած է յարձակիլ Արցախի վրայ: Անոնք զարմացած էին, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Ատրպէյճանի բռնակալ եւ ռազմատենչ նախագահը օգտակար ըլլալ Հայաստանի համար: Ատրպէյճանի ղեկավարները եւս դժգոհ էին Սերժ Սարգսեանի յայտարարութենէն: Նախագահ Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Նովրուզ Մամետով խստօրէն քննադատեց Հայաստանի նախագահը՝ վերջինիս պնդման համար, որ Հայաստանի համար առաւել ձեռնտու է Ալիեւի վերընտրութիւնը: Նաեւ, Մամետով քննադատեց Ատրպէյճանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները՝ Սարգսեանի յայտարարութիւնը իրենց «աղտոտ ընտրապայքարի մէջ» ընդդէմ Ալիեւի շահարկելու համար: Մամետով պարծենալով՝ եզրափակեց, որ Ատրպէյճանի նախագահը Սարգսեանի օժանդակութեան կարիքը չունի, քանի որ Ալիեւը կը վայելէ այնպիսի հեղինակաւոր համաշխարհային առաջնորդներու աջակցութիւնը, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Մինչ Սերժ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը կը պայմանաւորէ ի նպաստ Ալիեւի, ըստ էութեան, Արցախի բանակցութիւններուն շարունակական յառաջընթացով, կարելի է մտածել նաեւ յաւելեալ պատճառներու մասին, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի համար առաւել ձեռնտու է Ալիեւի վերընտրութիւնը.
– Նախագահ Ալիեւ խոցելի ղեկավար է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ կը դատապարտուի իբրեւ բռնակալ, կաշառակեր եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտող:
– Ալիեւ վատնած է իր երկրի քարիւղային հսկայ եկամուտները՝ հարստացնելով ինքզինք, իր ընտանիքն ու մտերիմները:
– Ան միլիառաւոր տոլարներ ծախսած է գնելու համար զինամթերք, որ անոր չէ օգնած նոյնիսկ մէկ թիզ հող վերագրաւելու Արցախի տարածքէն:
– Անճարակ Ալիեւի վերընտրութիւնը վնասակար է Ատրպէյճանին եւ օգտակար՝ Հայաստանին: Եթէ Ալիեւը կորսնցնէ նախագահի պաշտօնը, զինք փոխարինողը կրնայ ըլլալ աւելի գործունեայ ղեկավար, որ կրնայ իսկական վտանգ ներկայացնել Հայաստանին եւ Արցախին:
– Սարգսեանի կողմէն Ալիեւի նախընտրութիւնը կը նուազեցնէ անոր վստահելիութիւնը ատրպէյճանական ժողովուրդի աչքին, որ կը զարմանայ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ղեկավարը, որ կը ներկայացուի իբրեւ Ատրպէյճանի թշնամի, կը սատարէ իրենց նախագահին: Այս իրավիճակը Ատրպէյճանի պարարտ նիւթ ընձեռած է դաւադրութեան տեսաբաններուն համար: Քանի որ Ալիեւի վերընտրութիւնը կանխորոշուած է՝ նկատի առնելով երկրին աւանդաբար կեղծիքներով լի ընտրահամակարգը, Սերժ Սարգսեանի կողմէն Ալիեւին նախապատուութիւն տալը չի կրնար յանգեցնել անոր պարտութեան, սակայն, անշուշտ, կասկածի ստուեր կը նետէ անոր արդէն իսկ վարկաբեկուած հեղինակութեան վրայ:
Վերջապէս, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կարեւոր է ունենալ կանխատեսելի գործընկեր՝ ըլլայ անիկա դաշնակից թէ թշնամի: Նախագահ Ալիեւի վերաբերումը Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ մինչեւ օրս եղած է միանգամայն կանխատեսելի: Վրացի լրագրող Գէորգի Լոմսածէն EurasiaNet.org կայքի մէջ շատ դիպուկ ներկայացուցած է Սարգսեանին կողմէ ի նպաստ Ալիեւի կատարուած յայտարարութիւնը. «Նախընտրելի է այն սատանան, զոր գիտես, քան թէ այն, զոր չես գիտեր»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը