ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանէն արուեստի գործերու եւ գեղանկարներու արտածումը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, աւելցած է մօտ 11 տոկոսով՝ հասնելով 323 հատի:
Հայաստան ներածուած գեղարուեստական գործերու քանակը 2013ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, աճած է շուրջ 54տոկոսով: Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի տուեալներով, ներածուած գործերուն մաքսային արժէքը կազմած է 125 հազար 300 տոլար: Այս տարուան առաջին կիսամեակին գեղարուեստական գործեր Հայաստան բերուած են հիմնականօրէն Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.