
Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ 3 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի հանրային ռատիոյի խմբագիր, «Ապրելու Բանաձեւ» հաղորդաշարի հեղինակ, արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկի մայր Գոհար Մարտիկեանի «Ապրելու Բանաձեւ» գիրքի 5րդ եւ 6րդ հատորներու շնորհահանդէսը: Հեղինակը նշած է, որ պատրաստ է նաեւ 7րդ հատորը, որ պիտի տպագրուի, եթէ հովանաւոր ապահովուի։
Տարիներ շարունակ հանրային ռատիոյի եթերէն հնչած է «Ապրելու Բանաձեւ» հաղորդաշարը, որուն նիւթը ինքնին յուզիչ է, բայց նաեւ յոյս, հպարտութիւն ու լաւատեսութիւն ներշնչող: Հաղորդաշարի հեղինակ Գոհար Մարտիկան մէկ առ մէկ կը հաւաքէ ու կը ներկայացնէ արցախեան ազատամարտին ընթացքին անմահացած մեր քաջազուններուն կեանքն ու անոնց սխրանքի պատմութիւնները՝ իւրաքանչիւր պատմութեան հետ վերապրելով սեփական վիշտը: Գոհար Մարտիկեանի որդին՝ Աշոտ Չախոյեանը յատուկ նշանակութեան գունդի առաջին զոհն էր:
«Ապրելու Բանաձեւ»ը նաեւ վերածուած է բազմահատոր մատենաշարի: Հեղինակը պատմավաւերագրական փաստագրումներով հերոսներուն մասին խօսած է առանձին-առանձին, բարձրարժէք գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեան չափանիշներով ներկայացուցած է կերպարներ, որոնք հարազատ ու սիրելի կը դառնան բոլոր ունկնդիրներուն եւ ընթերցողներուն։
«Մենք անպայման կ՛ունենաք այն Հայաստանը, որի մասին երազում է մեզնից իւրաքանչիւրը, եթէ այս հերոսների սխրանքի պատմութիւնն ու նրանց ապրելու բանաձեւը դառնայ մեր ապրելու բանաձեւը», հաստատած է Գոհար Մարտիկեանը: