
3 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը ընդունած է Արցախ այցելած Ֆրանսայի Լէ Պեն Միրապօ քաղաքի հայկական միութեան պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը՝ Միրզոյեան կարեւոր նկատած է 11 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի եւ Ֆրանսայի Լէ Պեն Միրապօ քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են այդ երկու քաղաքներուն միջեւ կապերու հաստատման եւ ամրապնդման ուղիները: