ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանեան «Նահար» թերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ՄԱԿի պաշտօնատարէ մը՝ հաղորդած է, որ հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատը Սուրի Շաայթիէ գիւղաքաղաքի իր դիրքերէն հեռացած է Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին, վերջ տալով ՄԱԿի առաքելութեան իր մասնակցութեան:
Պաշտօնատարը մերժած է խօսիլ թուրք զինուորներու հեռացման պատճառներուն մասին՝ աւելցնելով սակայն, որ կան որոշ մեկնաբանութիւններ, թէ թրքական ուժերուն հեռացումը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ տագնապի առնչութեամբ Անգարայի մօտեցումին, Թուրքիոյ հետ սահմանակից սուրիական շրջաններուն մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու հարցին հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ թուրք օդաչուներու առեւանգումին հետ:
58 թուրք նաւազներ կը շարունակեն մաս կազմել ՄԱԿի խաղաղապահ ուժի ծովուժին:
Միւս կողմէ, Լիբանանի Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հանդիպում մը ունեցած է առեւանգուած լիբանանցիներու պաշտպան խորհուրդին հետ, որմէ ետք յայտարարուեցաւ, թէ հանդիպումին ներկաները Թուրքիոյ պետութիւնը պատասխանատու կը նկատեն առեւանգուած լիբանանցիները Ազազի մէջ պահելու արարքին, որովհետեւ այդ շրջանը թրքական հակակշիռի տակ կը գտնուի եւ բոլորին համար ծանօթ է, որ այդ շրջանը գտնուող զինեալները Թուրքիոյ կողմէ կը զինուին: «Թուրքիոյ կառավարութենէն կը պահանջենք անմիջապէս միջամտել եւ առեւանգուած լիբանանցիները անյապաղ տուն վերադարձնել՝ ձերբակալելով այն ահաբեկիչները, որոնք մեղսակցած են ուխտաւորները առեւանգելու գործողութեան», նշուած է հանդիպումին ընթացքին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.