ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «ՄըքՔլաչի»ի լրագրող Մայքըլ Տոյլ յօդուած մը հրապարակած է՝ քննարկելով ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան առնչութիւնները՝ շարք մը պատմական դրուագներու յիշատակութեամբ։ Ըստ իրեն՝ Ամերիկա ատենօք օգնած է Մերձաւոր Արեւելքի բռնապետներէն մէկուն՝ Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնին, քիմիական զէնք գործածելու սեփական ժողովուրդին դէմ։ Քանի որ Հիւսէյն կը կռուէր Ամերիկայի հակառակորդ Իրանի դէմ, նախագահ Ռեկընի վարչակազմը գաղտնի տեղեկատուութիւն եւ այլ օժանդակութիւններ կը տրամադրէր Իրաքի։
Տոյլի խօսքերով՝ Սուրիոյ հարցին մէջ, երբ Ամերիկա ռազմական քայլերու կը նախապատրաստուի, հռետորաբանութեան մէջ գերակայ է բարոյականութիւնը, մինչդեռ Տոյլ, ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան առնչութիւններուն այլ օրինակ մը կը նշէ. «Ատիկա Հայկական Ցեղասպանութեան հարցն է։ Պատմութիւը աւելի կոպիտ դիտանկիւն մը կ՛առաջարկէ մեզի։ Իրաքի, Սուրիոյ, Ռուանտայի եւ Հայաստանի հարցերուն մէջ բարոյականութիւնը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ աւելի յաճախ կը կիրարկուի որպէս պատահականութիւն, քան՝ օրինաչափութիւն», կը գրէ լրագրողը։
Իր կարծիքով՝ այս պնդումին ամենաակնյայտ օրինակը այն պայքարն է, որ Ամերիկայի մէջ կ՛ընթանայ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն շուրջ։
«Նախագահի թեկնածուները ամերիկահայ համայնքին կը խոստանան, որ պաշտօնապէս պիտի ճանչնան 1915-1923 թուականներու հայերու կոտորածները՝ որպէս ցեղասպանութիւն», կը նշէ Տոյլ եւ կը յիշեցնէ, թէ Պարաք Օպաման եւս նման խոստում մը տուած է, սակայն ընտրուելէ ետք հետեւած է ռազմական ու դիւանագիտական ոլորտներու իր խորհրդատուներուն, որոնք չէին ուզեր կորսնցնել Ամերիկայի կարեւոր դաշնակիցներէն մէկը՝ Թուրքիան:
Ամերիկացի լրագրող-վերլուծաբանը արտաքին քաղաքականութեան նմանօրինակ «հետեւողական» մօտեցումներու մասին այլ օրինակներ եւս կը ներկայացնէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.