
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք մօտիկ ապագային Արցախի հիմնահարցի գծով տարածաշրջան պիտի այցելէ. այս մասին տեղեկացուցած է դիւանագէտը իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ: Ան կը պատրաստուի այցելելու Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: «Այցելութեանս նպատակն է սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործին մէջ ջանքերս ներդնելու գործընթացին», գրած է ան:
Օգոստոս 6ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ նշանակած է Ուորլիքը, որ նախապէս եղած էր Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ տեղակալ եւ Աֆղանիստանի հետ ապահովական պայմանագիրի գլխաւոր բանակցող:
2009-2012ին, Ուորլիք եղած է Պուլկարիոյ մօտ Ամերիկայի դեսպան, իսկ 2006-2009ին՝ Միջազգային կազմակերպութիւններու հարցերով գրասենեակին մէջ արտաքին գործոց նախարարի առաջին փոխտեղակալ: 2005-2006ին եղած է Եւրոպական ապահովութեան եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն: