Եգիպտական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ եգիպտական բանակի զինուորական ուղղաթիռներ յարձակած են Սինայի մէջ ծայրայեղական իսլամականներու կեդրոններուն վրայ եւ առնուազն 15 ծայրայեղականներ սպաննած: Յարձակումը թիրախ դարձուցած է Իսրայէլի եւ Կազայի մօտերը գտնուող երկու գիւղեր: Քանդուած են նաեւ զինեալ խմբաւորումներուն պատկանող զէնք-զինամթերքի պահեստանոցներ: Կը նշուի, թէ օդային հարուածներուն կողքին, անապատային այդ շրջանին մէջ ցամաքային գործողութիւն մը եւս տեղի կ՛ունենայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.