ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– «Արմէնփրէս»ի թղթակից Վահրամ Պօղոսեանի համաձայն՝ 8 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ՝ Ստեփան Շահումեանի արձանին մօտ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած Ստեփան Շահումեանի կեանքին ու գործունէութեան: Ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Շահումեանի՝ Արցախ ժամանած ծոռ Մարիա Շահումեանը, հիւրեր Երեւանէն եւ Ռուսիայէն:
Ողջունելով ներկաները՝ Արցախի կոմունիստական կուսակցութեան ղեկավար Հրանտ Մելքումեան պատմեց Շահումեանի հայրենասիրական ծրագիրներուն ու գաղափարներուն մասին՝ նշելով, որ ժամանակին պատահական չէր Արցախի այն ատեն դեռ մարզկենտրոնը մեծ հայուն անունով կոչելու որոշումը: «Ուրախալի է անշուշտ, որ այսօր ներկայ է նաեւ մեծն Շահումեանի ծոռնուհին: Յուսանք, որ Շահումեանի սերունդները աւելի յաճախակի կ՛այցելեն այժմ արդէն ազատագրուած հայրենիք, որը բարձր գնահատեց իր զաւակի թողած գործը եւ նրա անունը այսօր էլ շարունակում է յարատեւել», յայտնեց ան եւ կուսակցութեան կողմէ Մարիա Շահումեանին յանձնեց Ստեփան Շահումեանի անուան յուշամետալ:
Այնուհետեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ ծաղիկներ զետեղուեցան Ստեփան Շահումեանի արձանին առջեւ:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարիա Շահումեան նշած է, որ շատ ուրախ ու հպարտ կը զգայ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: «Առաջին անգամ Արցախ այցելել եմ 90ականների սկզբին, բայց այն, ինչ ես այսօր տեսայ, հրաշքի է նման: Տեսայ բոլորովին այլ քաղաք, որը որեւէ կերպ չի յիշեցնում նախկին քաղաքը: Այն մաքուր է, գեղեցիկ ու նորակառոյց, ինչը միայն հպարտութիւն է ներշնչում ինձ, յատկապէս որ այն կրում է իմ պապի անունը», ըսած է ան։ Ծոռը խոստացած է, որ շուտով նորէն պիտի վերադառնայ իր ընտանիքին ու զաւակներուն հետ:
Նոյն օրը նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած էր Մարիա Շահումեանը եւ ողջունած անոր ներկայութիւնը իր նախնիներուն հողերուն վրայ՝ կարեւորելով պատմական հայրենիքին հետ ամուր կապերու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.