ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Միացեալ Նահանգները Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան հետ»: 12 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ այս յայտարարութիւնը կատարեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք: «Տարածաշրջանի ժողովուրդները նախորդ 20 տարիներուն ընթացքին ծանր գին վճարած են եւ արժանի են խնդիրի մնայուն լուծման, որ պիտի բերէ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ բարեկեցութիւն», նշեց ան։ Ուորլիք ընդգծեց, որ բանակցութեան երկար տարիներուն ընդմէջէն կարելի է ըսել, որ հարցին լուծումը այդքան ալ դիւրին չէ:
Ամերիկացի համանախագահին համաձայն, արցախեան հակամարտութիւնը լուծում չի կրնար ունենալ, եթէ գոյութիւն չունենայ քաղաքական կամք՝ առաջնորդներուն կողմէ, եւ եթէ գոյութիւն չունենայ ժողովուրդներուն այն գիտակցութիւնը, որ կարգաւորումը կը բխի ապագայ սերունդներուն շահերէն:
«Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքները, ինքնորոշման իրաւունքը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը կը շարունակեն մնալ մեզ ուղղորդող գործօնները այս գործընթացին մէջ», յայտնեց համանախագահը: Ան նշեց, որ ինք անհամբերութեամբ կը սպասէ իր ռուս եւ ֆրանսացի գործընկերներուն հետ աշխատանքին: «ԵԱՀԿն այս հակամարտութեան լուծման ուղիին վրայ կարեւոր գործընկեր է: Ես կ՛ուզեմ նշել, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքին կողմէ իրականացուած երկարամեայ աշխատանքը տարուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ խնդիրի կարգաւորման նպատակով», յայտնեց ան՝ ընդգծելով, որ Մինսկի խումբին հիմնական թիրախը կուռ լուծում գտնելն է:
Ճէյմզ Ուորլիք կարեւոր նկատեց նաեւ վստահութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատող միջոցներու առկայութիւնը, ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան եւ համագործակցութեան ուղիներ գտնելը, ինչ որ անհրաժեշտութիւն է խաղաղութեան հաստատման համար: «Կը կարծեմ, որ այս իմաստով մենք պէտք է խորացնենք մեր ջանքերը», դիտել տուաւ ան՝ ընդգծելով, որ պատրաստ է ամէն ջանք գործադրելու, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն հաստատուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ համանախագահները ուշադրութիւն չեն դարձներ Ատրպէյճանի կողմէ եւրոպական կարգ մը ուխտերու խախտման, սպառազինութիւններու մրցավազքին, նորանշանակ համանախագահը նշեց, որ պէտք է խուսափիլ սպառազինութիւններու մրցավազքէն, որպէսզի կարելի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել: «Հոս գալէ առաջ ես այցելեցի Պաքու: Մենք այնտեղ քննարկած ենք, թէ ինչպէս կրնանք հակամարտութեան խաղաղ լուծում գտնել: Ես առայժմ կը ծանօթանամ խնդիրներուն, որմէ ետք կ՛անցնիմ իմ աշխատանքիս», աւելցուց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.