

Չորեքշաբթի, 4 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կայացաւ Ցոլակ Յովսէփեանի վերջերս լոյս տեսած «Հարազատ Դէմքեր» լուսանկարչական ալպոմին շնորհահանդէսը՝ հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթին ու «Սարդարապատ» գրատան:

Թեմիս առաջնորդին եւ ալպոմի հեղինակ Ցոլակ Յովսէփեանի կողքին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հայրեր, օրուան բանախօսները, Ալպոմի յանձնախումբը, սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած հրաւիրեալներ եւ հեղինակի ընկերները:
Օրուան հանդիսավարն էր Հուրի Ֆուռնուզեան, որ իր բացման խօսքը սկսաւ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «Եթէ ձեր միտքերուն մէջ հարց ծագած է, թէ այս ձեռնարկը ինչո՞ւ տեղի կ՛ունենայ այս սրահին մէջ, ապա պատասխանը շատ պարզ է: Ընկ. Ցոլակին փափաքն էր, որ այս ձե
ռնարկը տեղի ունենայ հոս՝ Ազգի տան մէջ, եւ նոյնինքն առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, որովհետեւ Ցոլակ Յովսէփեանի համար Ազգային առաջնորդարանը եւ մասնաւորաբար առաջնորդ սրբազանը յատուկ արժէք կը ներկայացնեն եւ առանձին տեղ ունին իր սրտին մէջ»։
Հուրի Ֆուռնուզեան, շարունակելով իր ջերմ խօսքերը՝ ըսաւ. «Սիրելիներ, «Հարազատ Դէմքեր» ալպոմը իրականացած է ընկ. Ցոլակի նկարչական արուեստը յարգող խումբ մը ընկերներու աշխատանքով։ Չեմ ուզեր յանձնախումբի անդամներուն համեստութիւնը վիրաւորել՝ իրենց անունները յայտարարելով, սակայն երբ ձեռնարկի աւարտին առիթը ունենաք ալպոմը գնելու, անոր մէջ պիտի տեսնէք յանձնախումբին խօսքը՝ յիշատակի գեղեցիկ խմբանկարով մը։ Խոստովանիմ, որ ինծի համար մեծ պատիւ է այս ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարելը։ Ես ալ մեծ յարգանք եւ սէր ունիմ ընկ. Ցոլակին հանդէպ, իրմէ սորված եմ պարզութիւն, համեստութիւն եւ քիչ մըն ալ զուարթախոհութիւն»։
Նախքան իր խօսքի առաջին բաժինը աւարտելը, օրուան հանդիսավարը նշեց. «Պէտք կա՞յ ըսելու, որ ընկ. Ցոլակի camera-էն անցած անձնաւորութիւնները անմահութեան նոր վկայական մը առած կ՛ըլլան այս հատորով, նոյնպէս եւ՝ ընկ. Ցոլակը։ Կը փափաքէի երկար խօսիլ ընկ. Ցոլակի անձին մասին, սակայն չեմ ուզեր մեր յարգելի բանախօսներուն դերին մէջ մտնել»։
Ցոլակ Յովսէփեանի ալպոմը ներկայացուց Սարօ Նազարեան (խօսքը ամբողջութեամբ կարթալ էջ 9ի վրայ): Ապա խօսք առաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան, որ Ցոլակ Յովսէփեանի մարդկային, ընկերական եւ հասարակական գործիչի արժանիքներուն մասին խօսելէ ետք՝ առաջադրեց տասնամեակներու ընթացքին առնուած անոր հազարաւոր լուսանկարները թուայնացնել եւ անոնցմով «Ասպարէզ»ի ծրագրած թուային գրադարանի
բաժինը հարստացնել:

Հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Լուսին Պէրպէրեան-Ճէրէճեանը, որ Կարինէ Տէր Գէորգեանի դաշնակի նուագակցութեամբ, քաղցր ձայնով եւ տպաւորիչ ոճով կատարեց «Դու ինձ համար» եւ «Հայրիկ» երգերը:

Այնուհետեւ Հ. Ֆուռնուզեան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը, որպէսզի փոխանցէ օրուան խօսքը (խօսքը ամբողջութեամբ՝ էջ 8ի վրայ):
Աւարտին, իր խօսքը ներկաներուն ուղղեց առջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, անդրադառնալով Ցոլակ Յովսէփեանի՝ ազգային մարդուն հայրենասէր նկարագիրին: Ապաառաջնորդ սրբազանը բեմ հրաւիրեց «Հարազատ Դէմքեր» ալպոմի հեղինակը եւ հոգեւոր հայրերուն հետ միասին օրհնեց նոր լոյս տեսած ալպոմն ու անոր հեղինակը:
Աւարտին, խօսք առաւ Ցոլակ Յովսէփեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն, առաջնորդ հօր, բանախօսներուն եւ Ալպոմի յանձնախումբին: Ան մասնաւորապէս շեշտեց ընկերներով իր հարուստ ըլլալու իրողութիւնը:
Յոտնկայս ծափահարութիւններով վերջ գտաւ շնորհահանդէսը, որմէ ետք «Հարազատ Դէմքեր»ու հեղինակ Ցոլակ Յովսէփեանը մակագրեց ալպոմէն օրինակներ:
