
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սիւնիքի մարզի Սիսիանի տարածաշրջանի Աղիտու գիւղին մէջ այս տարուան Օգոստոսին սկսած պեղումներէն յայտնաբերուած են քարէ գործիքներ, ոսկրէ իրեր, կենդանիներու մնացորդներ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Բորիս Գասպարեանը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ յուշարձանը առնչուած է ժամանակակից Հայաստանի տարածքին բանական մարդու առաջին յայտնուելուն հետ: «Յուշարձանն ընդգրկում է մեզանից 7000 տարի առաջուայ մի ժամանակաշրջան: Այն մեզ պատմում է Հայաստան ներթափանցած առաջին ժամանակակից տիպի մարդկանց մշակոյթի ու ապրելակերպի մասին», բացատրած է ան։
Գասպարեանի համաձայն, դատելով նախնական գտածոներու ուսումնասիրութենէն, կարելի է ըսել, որ մարդիկ այստեղ հիմնականին մէջ որսորդական կենցաղ վարած են: «Քարանձաւն ամփոփում է նաեւ միջնադարեան մշակութային նիւթեր, ցոյց տալիս, որ մշակոյթը շարունակ հետաքրքրել է մարդուն: Այս յուշարձանում նորանոր բացայայտումները դեռ առջեւում են», ըսած է հնագէտը:
Գասպարեան նշած է, որ Սեպտեմբերի կէսերուն Աղիտուէն ետք պեղումներ պիտի սկսին Արենիի եւ Դեբետ գետի հովիտին մէջ գտնուող քարեդարեայ յուշարձանին մէջ: «Արենին ամէն տարի շատ հետաքրքիր տուեալներ է տալիս: Այս տարի որոշել ենք մի շերտը հեռացնել, միւսն էլ բացել: Տեսնենք ինչ արդիւնք կ՛ունենանք», աւելցուցած է հնագէտը:
Կարեւոր նկատելով միջազգային համագործակցութիւնը՝ Բորիս Գասպարեան ըսած է, որ այսօր գրեթէ բոլոր հնագիտական պեղումները կը կատարուին միջազգային համագործակցութեամբ: Աղիտուի պեղավայրին մէջ պեղումները կը կատարուին հայ-գերմանական արշաւախումբի ուժերով: Արենիի եւ Դեբետի մէջ անոնք պիտի կայանան հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ծիրին մէջ: