ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն ի վեր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խիստ քննադատաբար կ՛արտայայտուի նոր կառավարութեան մասին՝ պահանջելով իր իսլամական գործընկերոջ Մուրսիի իշխանութիւն վերադարձը:
Նկատի առնելով Էրտողանի անբաղձալի միջամտութիւնը Եգիպտոսի ներքին գործերուն՝ միլիոնաւոր եգիպտացիներ իրենց զայրոյթն ու դժգոհութիւնը արտայայտած են Թուրքիոյ եւ անոր վարչապետին դէմ: Եգիպտական թերթերը լի են հակաթրքական գրութիւններով եւ խմբագրականներով: Տասնեակ յօդուածներ կը հրապարակուին՝ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ թրքական ժխտողականութիւնը եւ յորդորելով Եգիպտոսի նոր ղեկավարները՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը: Նաեւ կոչեր կը հնչեն՝ Գահիրէի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան տեղադրելու եւ Թուրքիոյ ուղղուած պահանջներ՝ հայոց զոհերուն համար փոխհատուցում վճարելու: Եգիպտոսի Ժողովրդական ճակատ հիմնարկի ղեկավար, փաստաբան Մոհամետ Սաատ Խէյրալլա, աննախադէպ քայլ առնելով, դատական հայց ներկայացուցած է՝ Թուրքիան մեղադրելով հայերուն դէմ գործած ցեղասպանութեան համար:
Խէյրալլա եւ Գահիրէի համալսարանի միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր, տոքթ. Այման Սալամա Սեպտեմբեր 4ին եղան հիւրերը Լիլիան Տաուտի «Սուրա քամիլա» (Ամբողջական պատկեր) նշանաւոր յայտագիր-զրոյցին, «ՕՆ» պատկերասփիւռի կայանէն, որուն կը հետեւին միլիոնաւոր ակնդիրներ՝ Եգիպտոսի եւ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ: Զրոյցին հեռաձայնով կը մասնակցէին նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, Էրտողանի իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Ռեսուլ Թոսունը եւ «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանը: 36 վայրկեան տեւած հաղորդումը կը կատարուէր արաբերէնով, զոր ես հազուադէպօրէն կ՛օգտագործեմ մանկութեանս տարիներէն ի վեր:
Փրոֆ. Սալամա ակնդիրներուն տեղեկացուց, որ 1919 թուականին Թուրքիոյ ռազմական դատարանը մեղադրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու ոճրագործները: Տասնեօթը թուրք պաշտօնեաներ մեղաւոր նկատուած էին, իսկ երեքը կախաղան բարձրացուած էին: Տոքթ. Սալամա նշեց, որ Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ Ռուսիան 1915 թուականին հանդէս եկած էին միացեալ հռչակագիրով՝ նախազգուշացնելով, որ իրենք պատասխանատու պիտի նկատեն թուրք ղեկավարները՝ հայերը կոտորելու եւ «մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւններ» կատարելու համար:
Փաստաբան Խէյրալլա պնդեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին բարձրացումը Եգիպտոսի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հասունցած է եւ որեւէ քաղաքական ենթաիմաստ չունի: Ան յոյս յայտնեց, որ իր բացած դատը պիտի ստիպէ Եգիպտոսը՝ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սիւննի մահմետական մեծագոյն պետութիւնը» ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ օրինակ ծառայելով արաբական այլ երկիրներու:
Խէյրալլա յայտարարեց, որ իր հայցը եգիպտական դատարանին կողմէն պիտի քննուի Նոյեմբեր 5ին: Ան յոյսով է, որ դատարանը պատմական որոշում պիտի կայացնէ «մարդու իրաւունքներու» այս կարեւորագոյն հարցին վերաբերեալ:
Երբ հաղորդավարը հարցուց, թէ ի՞նչ է իմ կարծիքս եգիպտական դատական հայցին մասին, ես մեծ գոհունակութիւն արտայայտեցի՝ յուսալով, որ դրական դատավճիռ կը տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախօրէին, եւ ըսի, որ անհամբեր կը սպասեմ Եգիպտոսի կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման։
Նաեւ նշեցի, որ Էրտողան ինքզինք կարգած է իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի նոր սուլթան եւ բոլոր մահմետականներու, արաբներու ու պաղեստինցիներու միակ պաշտպան: Սակայն Էրտողանին խեղաթիւրումները վերջապէս բացայայտուեցան, երբ արաբական աշխարհը հասկցաւ, որ ան պարզապէս կը փորձէ իշխել տարածաշրջանին մէջ՝ հետապնդելով Թուրքիոյ, եւ ոչ թէ արաբներուն եւ մահմետականներուն շահերը:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Ռեսուլ Թոսուն, ծրագիրին միանալով հեռաձայնով, անմիջապէս իր դէմ տրամադրեց դիտողները, պնդելով, որ՝ «ներկայիս եգիպտական կառավարութիւնը, որ իշխանութեան տիրացած է ռազմական յեղաշրջման միջոցով, օրինական չէ, ուստի ներկայացուած հայցը չի կրնար օրինական նկատուիլ»: Թոսունը շարունակեց թութակի պէս կրկնել իր թուրք ղեկավարներուն անհիմն ժխտումները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Փրոֆ. Սալաման, զայրացած Թոսունի ելոյթէն, Էրտողանը կոչեց «իրաւայաջորդը օսմանեան մարդասպաններու, որոնք գործադրած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Այնուհետեւ հաղորդավարը հարցուց, թէ ի՞նչ է իմ արձագանգս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թոսունի արտայայտած աղաւաղուած տեսակէտներուն նկատմամբ: Ես ակնդիրներուն յիշեցուցի, որ Քեմալ Աթաթուրքը «Լոս Անճելես էքզեմինըր» թերթին մէջ 1 Օգոստոս 1926ին հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ պահանջած էր, որ երիտթուրքերը «հաշիւ տան կեանքին համար մեր միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակներու, որոնք դաժանօրէն եւ զանգուածաբար քշուեցան եւ կոտորուեցան»: Ես նաեւ յիշեցուցի, որ Ազհարի շէյխը՝ Գահիրէի մէջ գործող իսլամական հետազօտութիւններու համաշխարհային նշանաւոր կեդրոնին առաջնորդը, 1909 թուականին արձակած է կրօնական հրամանագիր (ֆաթուա) մը, որով դատապարտած է թուրք պաշտօնեաները Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքին մէջ 30 հազար հայերու կոտորածին համար:
Յայտագիր-զրոյցի աւարտին փաստաբան Խէյրալլա յայտարարեց, որ շուտով հանրահաւաքներ տեղի պիտի ունենան ցոյց տալու համար, որ իր խումբին բարձրացուցած դատը կը բխի համաժողովրդական պահանջէ, եւ որ եգիպտացիները կը պահանջեն իրենց կառավարութենէն «ճանչնալ, որ հայերը կոտորուած են թուրք ոճրագործներու ձեռքով»:
Լիբանանը առայժմ միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եթէ Եգիպտոսը հետեւի անոր օրինակին, արդեօք կարելի՞ է, որ Սուրիան եւ միւս արաբական երկիրները անոնցմէ ետք շատ չուշանան։
Ահա այդ ծրագիրին յղումը. http://www.youtube.com/watch?v=teAKr6Psyl0&sns=em
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը