
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայկական բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայաստանի ներկայացուցչութեան տնօրէն Արփի Վարդանեանը, փոխտնօրէն Յովիկ Էօրդէքեանը, Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաջեանը, Սուրիոյ մէջ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախկին ներկայացուցիչ Արուշ Եսայեանը:
Քննարկուեցան Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն հիմնահարցերը, որոնց կարգին՝ Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող սուրիահայ ուսանողներուն ուսման աջակցելու առնչուած խնդիրներ։