
(Ծնեալ՝ Սեպտ. 23, 1967ին, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, դստեր, հարսին, քրոջ եւ հարազատին՝ Մարալ Գարաեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2013ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2013, առաւօտեան ժամը 11ին, Ֆրեզնոյի First Armenian Presbyterian church-ին մէջ, 430 S. First St., Fresno, CA 93702, ապա թաղումը՝ «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, 1925 W. Belmont Ave., Fresno, CA 93728:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Րաֆֆի Գարաեան եւ զաւակները՝ Յովիկ եւ Ալեք
Ծնողքը՝ Յովհաննէս եւ Դշխոյ Ամողլեան
Կեսուրը՝ Լիտիա Գարաեան
Եղբայրը՝ Մովսէս եւ Ալին Ամողլեան եւ զաւակները
Տալը՝ Սիլվա եւ Էտ Էսաճեան եւ զաւակները
Տալը՝ Զարուկ եւ Յովսէփ Կիւկէլեան
Հօրեղբայրը՝ Պարգեւ եւ Անիկրէթ Ամողլեան եւ զաւակները
(Լիբանան)
Հօրաքոյրը՝ Ալիս Ֆիլհանէսեան եւ զաւակները
Հօրաքոյրը՝ Անժէլ եւ Վարդան Ճամպազեան եւ զաւակները
Մօրաքոյրը՝ Լուսին Տապպաղեան (Լիբանան)
Մօրաքոյրը՝ Վիքթորիա եւ Գաբրիէլ Հաւաթեան եւ զաւակները
(Լիբանան)
Մօրեղբօր կինը՝ Փառանձեմ Քէլեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Եւ համայն Ամողլեան, Գարաեան, Քէլեան, Հաւաթեան,
Ճամպազեան, Ֆիլհանէսեան, Զոպեան, Տապպաղեան, Պալապանեան, Էտինճիքլիեան ընտանիքները, հարազատներն ու ընկերուհիները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Ֆրեզնոյի First Armenian Presbyterian Church-ի սրահին մէջ:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել AMAA-ին, կամ Armenian Evangelical Church (Anjar, Lebanon), կամ Armenian Presbyterian Church (Fresno), կամ Hanford Christian School կամ Central Valley Christian School-ին: