
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 16ին, «Ռատիքալ» թերթի յաւելուածականին մէջ ցնցիչ յօդուած մը հրատարակած է Պասքըն Օրան, որ, ինչպէս ծանօթ է, հայերու ի նպաստ կեցուածք ունեցող քաջարի հրապարակագիր է։ Գիտէինք, որ Օրան Հայկական Հարցին մէջ ժխտական դիրքորոշում ունեցող շրջանակներու թիրախը դարձած է երկար ժամանակէ ի վեր եւ որ ան սպառնալիքներ կը ստանար, բայց այս յօդուածը կը բանայ իր ստացած սպառնական նամակներուն անծանօթ ծալքերը ու ցոյց կու տայ, թէ պատկերը որքա՛ն մտահոգիչ է։
Սպառնալիքներուն մէկ մասը եկած է «Ակօս»ի խմբագրութեան հասցէով, իսկ միւս մասն ալ՝ ուղղակի իրեն։ Պասքըն Օրան չի վարանիր եղածին պէս հրապարակելէ ստացուած սպառնական նամակներուն մէջ գործածուած բառերը, որոնք ծայր աստիճան ծանր են թէ՛ սպառնալիքի տեսակէտէն, թէ՛ նախատինքի տեսակէտէն. նախատինք, որ կը հասցէագրուի ո՛չ միայն Պասքըն Օրանի նմաններուն, այլեւ՝ հայ ժողովուրդին։
Պասքըն Օրան կը յիշեցնէ, որ առաջին նամակը «Ակօս»ի հասցէին ղրկուած էր 2008ին. անոր մէջ նամակագիրները շատ ծանր բառեր գործածելով կ՛ըսէին, որ «բոզի զաւակները պէտք է գիտնան, թէ Հրանդ Տինքէն ետք մեր թիրախը պիտի ըլլայ Պասքըն Օրանը: Այս կեղտն ալ մէջտեղէն պիտի վերցուի եւ հայերու պաշտպանները հանգիստ պիտի չկարենան քնանալ»։ Այս նամակը եւ յաջորդները ստորագրուած էին իրենք զիրենք «Թուրք վրիժառութեան ջոկատ» կոչած մարմինին անունով։
Պասքըն Օրան նմոյշներ կու տայ ուրիշ նամակներէ եւս, որոնց բովանդակութիւնը նոյնքան մտահոգիչ ու ծանրակշիռ էր։ Անոնց մէջ Օրան կ՛ամբաստանուի իբրեւ մէկը, որ իր կեանքը կ՛անցընէր հայերուն պնակալիզութիւն ընելով: Նամակներուն մէջ կը թելադրուի, որ ան Հայաստան երթայ, ապա թէ ոչ՝ «մահը անխուսափելի պիտի ըլլայ» անոր համար։
Նոյնիսկ նամակներէն մէկուն մէջ տրուած էր մահափորձի թուական մը՝ Յունիս 17։ Անշուշտ այդ թուականը անցած է առանց միջադէպի, բայց սպառնալիքները կը շարունակուէին։ Պասքըն Օրանի բուն նպատակն է գանգատիլ Թուրքիոյ արդարադատութեան կողմէ այս հարցին ցուցաբերուած անբաւարարութենէն։ Օրանի հարց տրուած է. «Ինչ հիմա զիս կը շահագրգռէ այն հարցումն է, թէ Թուրքիոյ դատարանները ինչպիսի՞ դիրք պիտի գրաւէին, եթէ ինծի ուղղուած նախատինքներուն ու սպառնալիքներուն մէկ միլիոներորդը ուղղուած ըլլար վարչապետ Էրտողանին»։ Օրան կը նշէ, թէ ինք դիմած է վճռաբեկ ատեանին ու կը սպասէ տեսնելու, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ դիմումին արդիւնքը։