
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին Ծիծեռնակաբերդ այցելած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզի գլխաւորած

պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ զետեղած են Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին եւ խոնարհած զոհերու յիշատակի անմար կրակին մօտ:
Հիւրերը երկար ժամանակով շրջած են յուշահամալիրի տարածքը եւ ծանօթացած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ պահուող նիւթերուն:
Պատուիրակութեան անդամներուն կ՛ուղեկցէին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Հիւրերը արձանագրութիւն ձգած են թանգարանի յուշամատեանին մէջ՝ անհրաժեշտ համարելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, բոլոր երկիրներուն կողմէ, որպէսզի նման ոճրագործութիւն չկրկնուի աշխարհի որեւէ անկիւն:
«Այս ճամբորութիւնն ու մանաւանդ ուխտագնացութիւնը՝ դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք, ինծի համար շատ յուզիչ է: Իմ նախկին գործընկերը հայ էր, եւ անոր ընտանիքը Խարբերդէն է, ու երբ տեսանք Խարբերդի խորհրդանշանը, բոլորս շատ յուզուեցանք: Կարեւոր է, որ աշխարհի բոլոր երկիրները ճանչնան Ցեղասպանութիւնը եւ գտնեն արդարութեան ճանապարհը», ըսաւ Ճան Փերեզ:
«Վերջին անգամ 6 տարի առաջ հոս այցելեցի: Հիմա յուզուած եմ, որովհետեւ տակաւին թարմ են մանկութեան յիշողութիւններս: Ապագայ սերունդները եւս պիտի տեսնեն այս թանգարանը, ուր կը պահուին պատմութեան այն էջերը, որոնցմէ պէտք է դասեր քաղել», իր կարգին նշեց Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեան: