
ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն», «Էյ.Փի.Էյ.».- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան տնօրէն Գարրի Թամրազեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէ, Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութեան մասին խօսելու կողքին, քննադատած է Ատրպէյճանի մէջ ընդդիմութիւնը լռութեան մատնելու ջանքերը՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ամբաստանելով երկրի քաղաքական համակարգը «սահմանափակելու» յանցանքով:
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի քաղաքական վերլուծութեան եւ տեղեկատուական ապահովման բաժինի պետ Էլնուր Ասլանով քննադատեց Ֆիւլէի յայտարարութիւնը՝ պնդելով, թէ Ֆիւլէի կարծիքը հիմնուած է Ատրպէյճանի մասին «սխալ պատկերացումի եւ կողմնակալ վերաբերմունքի վրայ»:
Ասլանովի համաձայն՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան տնօրէն Գարրի Թամրազեանի հարցադրումը կը հակասէ այդ 60ամեայ լրատուամիջոցի արժէքներուն: «Սակայն, տուեալ փաստը չ՛արդարացներ Եւրոմիութեան յանձնակատարին կատարած սխալ յայտարարութիւնը՝ «Ատրպէյճանի քաղաքական իրավիճակը սահմանափակելու» մասին: Շատ եւրոպական քաղաքական գործիչներ բազմիցս նշած են ճիշդ հակառակը: Մենք միայն կրնանք ափսոսալ Ատրպէյճանի քաղաքական կեանքին վերաբերեալ նման սխալ, խեղաթիւրուած եւ միակողմանի մեկնաբանութեան մը համար», եզրակացուցած է Ասլանով: