
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, համագործակցութեամբ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան եւ Հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու յանձնախումբին՝ «Դէպի համալսարան» խորագրեալ խորհրդատուական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին. անոր հրաւիրուած են ծնողներ եւ աշակերտներ:
Հաւաքը, որուն ներկայացումները մեծամասնութեամբ հայերէնով պիտի ըլլան, պիտի կայանայ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut St., Glendale, CA 91204), երեկոյեան ժամը 7էն 8:
Մասնակիցները պիտի ծանօթանան երկրորդական վարժարան աւարտելու պայմաններուն, համալսարանական քառամեայ ծրագիրներուն, «GED» քննութեան, համալսարան ընդունուելու պայմաններուն, համալսարան դիմելու գործընթացին ու ժամկէտներուն, համալսարանի «SAT» ու «ACT» քննութիւններուն ու կրթանպաստներուն, ապա նաեւ ցուցմունքներ պիտի ստանան իրենց դիմումներուն համար ինքնակենսագրութիւն գրելու մասին:
Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանէն շարք մը հայ խորհրդատուներ:
Խորհրդատուական այս ձեռնարկը առաջինն է աշակերտներու եւ ծնողներու յատուկ խորհրդատուական հաւաքներու շարքին: Հոկտեմբեր 3ին տեղի պիտի ունենայ հաւաք մը՝ նուիրուած յատկապէս համալսարան ընդունելու պայմաններուն, իսկ Նոյեմբեր 7ին՝ դասանիւթերու փոխանցման հարցերուն: Յառաջիկայ տարուան Փետրուար 5ին եւս կրթանպաստներու յատուկ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ՝ (818) 243-3444 թիւով կամ talar@ancaglendale.org հասցէով: