Սկսած են Աշտարակի մէջ սուրիահայերու համար կառուցուող «Նոր Հալէպ» թաղամասի տարածքի ուսումնասիրման աշխատանքները, որոնք կը կատարուին «Երկրաբան-Ուտիք» ընկերութեան կողմէ՝ Վլադիմիր Գինովեանի գլխաւորութեամբ:
Սփիւռքի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, առաջին հանգրուանին պիտի կատարուի «Նոր Հալէպ» թաղամասի եւ անոր յարակից տարածքներու ճարտարապետական–երկրաբանական ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածքի երկրաբանական հանոյթային աշխատանքներ եւ հետազօտութիւններ:
Երկրորդ հանգրուանին նախատեսուած է հոր փորել եւ յատակագիծի նշանակումներ կատարել։
Թաղամասի կառուցման նախապատրաստական հանգրուանի մեկնարկին ներկայ եղած են նաեւ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.