Յոռետեսութեան զգացում մը կը ճնշէ շատերուս վրայ: Ամէն անգամ, երբ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տարեդարձը կը տօնենք, ամէն անգամ, երբ անկախ պետականութիւն, անկախ հայրենիք ունենալու մեր երազի իրականացման անդրադառնալու առիթ կ՛ունենանք, երկնտրանք մը կը ծառանայ մեր առջեւը. տօնական մթնոլորտը չխանգարելու, պատմական փառաւոր իրագործումի ճաճանչը չխամրեցնելու բնական մղումով շարժի՞նք, ատով բաւարարուի՞նք, թէ այս առիթները օգտագործենք անկախութիւնը վտանգող սպառնալիքները թուարկելով ու անոնց դէմ կանգնելու մեր վճռականութիւնը վերահաստատելով:
Երկրորդ ընտրութիւնը հաճելի չէ, անշուշտ, եւ աւելի անհաճոյ է ընդունիլը, թէ անկախութեան սպառնացող գործօններուն մէկ կարեւոր մասը մեր իշխանութեանց անընդունելի վարքագիծէն մարմին կ՛առնէ՝ դիւրացնելով մեր թշնամիներուն գործը:
Վտանգը, սպառնալիքները շօշափելի են: Փտածութիւնը, անարդարութիւնը, աղքատութիւնը, իրաւ ժողովրդավարութիւնը անկարելի դարձնող ընտրակեղծիքը, անոնցմէ բխած բարոյալքումը, արտագաղթողներու ահաւոր հոսքը եւ քաղաքական ընդդիմութեան լուսանցքայնացումը կրնան յուսահատութեան մղել ամէնէն խանդավառ հայրենասէրներն իսկ:
Բայց մենք ուրիշ հնար չունինք, ուրիշ ելք չունինք: Պարտաւո՛ր ենք մեր մէջէն արմատախիլ ընելու յուսահատութիւնը ու վերականգնելու վստահութիւնը Հայաստանի ապագային հանդէպ: Ուրիշ տարբերակ չկայ: Անկախութեան պաշտպանութիւնը այն գերագոյն նպատակներէն է, որուն համար անկարելին կարելի դարձնելու ուժ պէտք է ունենանք մեր մէջ, եւ որու համար պէտք է պողպատեայ կամքով դիմագրաւենք ամէնէն յուսահատական պահերն իսկ:
Դժբախտաբար, իւրաքանչիւր պետութիւն թաքնօրէն կամ բացայայտօրէն իր հարեւանները կը նկատէ իր կենսունակութեան, երբեմն նոյնիսկ՝ իր գոյութեան սպառնացող հակառակորդ, եւ իբրեւ այդպիսին՝ կը ծրագրէ իր ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւնը: Պէտք է հաստատել, ուրեմն, որ անկախութեան պահպանումը աշխարհի բոլոր երկիրներուն, բոլոր ժողովուրդներուն համար տեւական պայքար է, մշտական զգօնութիւն, ամէնօրեայ լարուած աշխատանք՝ անսահման զոհաբերում պահանջող:
Փոքր ժողովուրդներու պարագային, այս պայքարի պարտադրանքները շատ աւելին են, զոհաբերութեան պահանջը՝ շատ աւելի մեծ, մանաւանդ, երբ մեզի նման, շրջապարտուած ենք բացայայտօրէն թշնամաբար տրամադրուած երկիրներով, որոնք ամէն օր կը դաւեն, ամէն օր կը ծրագրեն կործանել մեզ, սրբել մեզ աշխարհի երեսէն:
Մեր պարագային, ըլլալով զաւակները ժողովուրդի մը, որ դարերով զրկուած է անկախութենէ, դարերով ապրած է օտար բռնատիրութեանց կրունկներուն տակ, մենք առաւել եւս չենք կրնար ճակատագրապաշտօրէն ընդունիլ ու հաշտուիլ անկախութեան վտանգ հանդիսացող որեւէ երեւոյթի հետ, չենք կրնար հանդուրժել անկարողութիւն, տեղատուութիւն, յուսահատութիւն: Վիճակները եւ պայմանները հիմնովին շրջելու, յեղափոխելու ուժը պիտի գտնենք մե՛ր մէջ, պիտի ստեղծենք այն բոլոր կռուանները, որոնք պիտի երաշխաւորեն մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր գերիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը:
Յուսահատիլ չենք կրնար եւ եթէ խորապէս զննենք Հայաստանեան ժողովրդային գործընթացները, ապա կրնանք տեսնել լաւատեսութիւն ներշնչող, տաղանդաւոր, ստեղծագործ, հայրենասէր երիտասարդութիւն, որ կրնայ տէր կանգնիլ երկրին, անկախութեան, եւ որ կրնայ երաշխաւորել մեր պետութեան պայծառ ապագան:
Թեւ ու թիկունք դառնալով այդ երիտասարդութեան, միեւնոյն ատեն բազմապատկելով մեր յանձնառութիւնները հայրենիքին հանդէպ՝ կը թօթափենք մեր վրայէն յուսահատութեան ամէն զգացում, կը լեցուինք ինքնավստահութեամբ ու լաւատեսութեամբ, ու մեր ժողովուրդի յաղթական երթին կանաչ ճանապարհ բանալու վճռականութիւնը ամրապնդելով՝ Անկախութեան տօնը կը դիմաւորենք անխառն ուրախութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.