ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 Սեպտեմբերին՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհուրդի հերթական նստաշրջանի մեկնարկէն առաջ, հանդիպում ունեցած է Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Երկուստէք ընդգծած են, որ բարձր մակարդակի յաճախակի հանդիպումները, երկու երկիրներու տարբեր նախարարութիւններուն միջեւ աշխոյժ համագործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստեն միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգի հարստացման՝ փոխշահաւէտ
բազմակողմանի ուղղութիւններով:
Երկու նախագահները գոհունակութեամբ նշած են, որ քանի մը ամիս առաջ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն որոշակի մասը արդէն իրականացուած է, իսկ մէկ մասն ալ իրագործման ընթացքի մէջ է:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք միութեան անդամ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարին: Կողմերը քննարկած են նաեւ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գծով Պելոռուսի աջակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի եւ Պելոռուսի նախագահները հայ-պելոռուսական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով շատ կարեւոր նկատած են Պելոռուսի մէջ հայ համայնքին դերակատարութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.