ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ոստիկանութեան յանձնարարած է քննարկել օտարներուն Հայաստան մուտքի արտօնագիրի ժամկէտը տեղւոյն վրայ երկարաձգելու կարելիութեան հարցը, առանց քաղաքացին երկրորդ անգամ անձնագրային բաժին հրաւիրելու անհրաժեշտութեան: Այդ մասին 19 Սեպտեմբերին յայտնած է Հայաստանի փոխոստիկանապետ Արթուր Օսիկեանը: «Արդէն իսկ համապատասխան յանձնարարականը տրուած է եւ կարծում եմ, որ մենք վաղուանից կը կազմակերպենք այնպէս, որ վիզաների ժամկէտների երկարացումը կատարուի տեղում», նշած է Օսիկեան:
Հայաստանի փոխոստիկանապետը դիտել տուած է, որ երբ օտարը Հայաստան մտնէ անոր կը տրամադրուի 21 օրուան ժամկէտ: «Քաղացին որոշում է, որ պէտք է մնայ ոչ թէ 21 օր, այլ 25 օր եւ բնական է անհրաժեշտութիւն է առաջանում վիզայի ժամկէտը երկարաձգել», նշած է Օսիկեանը՝ աւելցնելով, որ օտարը արդէն կարիք չունենար երթալու օդակայան՝ վիզային ժամկէտը երկարաձգելու համար: «Այդ ամէնը կը կատարուի Ոստիկանութեան անձնագրերի եւ վիզաների վարչութեան նորաբաց շէնքում, որը գտնւում է Դաւթաշէն 4րդ թաղամասում», յայտնած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.