
Համահայկական մարզախաղերու Համաշխարհային կոմիտէութեան անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Սեպտեմբեր 2013ին, Ստեփանակերտի մէջ։ Ժողովին ներկայ գտնուեցան կոմիտէութեան նախագահ Իշխան Զաքարեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ եւ Կոմիտէութեան փոխնախագահ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Կոմիտէութեան փոխնախագահ Ալպէր Պոյաճեան եւ անդամներ՝ երեք բանաւոր բացակայութեամբ։
Անդամական ընդհանուր ժողովի առաջնահերթ օրակարգներէն մէկն էր Գործադիր կոմիտէութեան ընտրութիւնը։ Անփոփոխ պահուեցան կոմիտէութեան նախագահը, երկու փոխնախագահները եւ գլխաւոր քարտուղարը։ ՀՄԸՄի կողմէ Հրաչ Սիսեռեանի փոխարէն Գործադիր կոմիտէութեան անդամ ընտրուեցաւ Եւրոպայէն Արամ Սիսեռեան։ Ընտրուեցան նաեւ Արթիւր Մոսիեան, Վարդան Բալայեան եւ Տիգրան Ալթուն։
Գործադիր կոմիտէի անդամներ Յակոբ Կիրմիզեան եւ Ղազարոս Ունան ընտրուեցան կոմիտէութեան պատուոյ անդամ։ Մնացեալ կազմի անդամները մնացին անփոփոխ։
Համահայկական մարզախաղերու կոմիտէութիւնը քննարկեց նաեւ Ձմեռնային մարզախաղերու պարագան։ Մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան 26 Փետրուարէն 4 Մարտ 2014ին, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան։ Արդէն իսկ 10 երկիրներէ 154 մարզիկներ արձանագրուած են մասնակցելու նշեալ մարզախաղերուն։ Որոշուեցաւ յաջորդ Ձմեռնային մարզախաղերը կազմակերպել 2017 թուականին, հերթական դրութիւն ստեղծելու Ամառնային մարզախաղերուն առընթեր։