ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարենք վերջին արձանագրուած ուշագրաւ լուրերուն վերաբերեալ.
– Նախորդ շաբաթ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն ամերիկահայ յայտնի փաստաբան Մարք Կիրակոս կշտամբեց Միացեալ Նահանգները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով անոր երկակի չափանիշներուն համար: Երբ հաղորդավարներ Քրիսթիան Ամանփուր եւ Էնտըրսըն Քուփըր կը քննադատէին Իրանի կողմէ Հրէական ողջակիզման ժխտումը, Կիրակոս անոնց յիշեցուց նախագահ Օպամային դրժած խոստումը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու գծով: «Այդ տարածաշրջանի մէջ մեր մեծագոյն դաշնակիցը Թուրքիան է: Մինչեւ այսօր Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Օպաման իբրեւ թեկնածու կը խօսէր անոր մասին. «Եթէ ես ստանձնեմ նախագահի պաշտօնը, ես կը ճանչնամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», կ՛ըսէր: Նախագահ դառնալէն ետք ան ամբողջովին անտեսեց այդ մէկը: Այնպէս որ, առկայ է անկայուն քաղաքական խաղ, որ քիչ մը կեղծաւոր է», հաւաստիացուց Կիրակոս:
Սեպտեմբեր 22ին Գերմանիոյ մէջ կայացած ընտրութիւններուն գերմանական խորհրդարանին՝ երկրի խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ ընտրուած են թրքական ծագում ունեցող տասնմէկ օրէնսդիրներ՝ աւելի քան կրկնապատկելով նախորդ օրէնսդիր մարմինին մէջ իրենց թիւը: Հայերը պէտք չէ կուրօրէն քննադատեն այս տասնմէկ պատգամաւորները, քանի որ անոնցմէ ոմանք, ըլլան թուրք կամ քիւրտ, կրնան համակիր ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Թուրքիան տուգանած է աւելի քան 200 հազար տոլարով՝ թուրք ընտանիքի մը տունը առանց փոխհատուցման գրաւելուն համար: Դատարանը վճռած է, որ Թուրքիան խախտած է ընտանիքի սեփականութեան իրաւունքը: Այս ընտանիքը սպառած էր թրքական դատարաններու մէջ իր բոլոր բողոքարկումները՝ մինչեւ ՄԻԵԴ դիմելը: Ընթերցող մը հետեւեալ հեգնական դիտողութիւնը տեղադրած է «Թրքիշ Տէյլի Նիուզ»ի կայքին վրայ. «Կը թուի, թէ քրիստոնեայ Եւրոպայի դատարանը աւելի յարգանքով կը վերաբերի մահմետական թուրք ժողովուրդին հետ, քան մահմետական դատարանները՝ Թուրքիոյ մէջ»:
Եւրոպական Միութեան հետ կապերու գծով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ՝ «հաւանաբար Թուրքիան երբեք չդառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ՝ այդ դաշինքի ներկայ անդամներու կոշտ դիմադրութեան եւ նախապաշարեալ վերաբերումին պատճառով»: Ինչպէս միշտ, Պաղըշ կը սխալի: Թուրքիան չի յաջողիր դառնալ Եւրոմիութեան անդամ, ոչ թէ արեւմտեան կանխադատումներուն, այլ՝ իր երկրի օրէնքները եւրոպական չափանիշներու պահանջներուն համապատասխանեցնելէն հրաժարելուն համար:
Սուրիոյ մէջ «Քաիտա»ի ահաբեկիչներուն կողմէն հազարաւոր քրիստոնեաներ, ներառեալ հայեր, առեւանգուած, սպաննուած կամ խեղուած են, սակայն մինչ օրս եւրոպական կամ ամերիկեան ոեւէ պաշտօնեայի կողմէն դատապարտման որեւէ խօսք չէ հնչած: Աւելի՛ն՝ արեւմտեան ղեկավարները մահաբեր զէնք կը մատակարարեն ծայրայեղականներուն, որպէսզի անոնք կարենան ալ աւելի մեծաթիւ անմեղ մարդոց կեանքերը խլել: Շատոնց ժամանակն է, որ արեւմտեան աշխարհի հանրութիւնը իր զայրոյթը արտայայտէ զանգուածային բողոքի ցոյցերով եւ սուր յանդիմանութիւններով: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է արգիլէ զէնքի մատակարարումը Սուրիոյ մէջ կռուող բոլոր օտար զինեալներուն: Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի մէջ հայկական կաթոլիկ եւ յունական ուղղափառ եկեղեցիները պղծ-ուած եւ կողոպտուած էին: Ժիհատականները անամօթաբար մագլցած էին հայկական եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ եւ խաչի փոխարէն՝ տեղադրած էին իրենց սեւ դրօշը:
Ատրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւ անընդհատ եւ ակամայ կ՛աջակցի Հայ Դատին՝ ընելով ատելի յայտարարութիւններ, որոնք միջազգային հանրութեան մօտ բացասական տպաւորութիւն կը ստեղծեն անոր երկրին մասին: Ալիեւի վիրաւորական յայտարարութիւնը, թէ «Երեւանը եւ Զանգեզուրը ատրպէյճանական տարածքներ են» եւ «կու գայ ժամանակը եւ մենք այնտեղ կ՛ապրինք», մտային խանգարում ունեցող մարդու զառանցանք է: Կը սպասուի, որ Հոկտեմբեր 9ին Ալիեւը երրորդ անգամ նախագահ ընտրուի, իսկ այդ մէկը կը նշանակէ, որ հայ ժողովուրդը քանի մը տարի եւս պիտի շարունակէ օգուտ քաղել անոր «օգտակար» յայտարարութիւններէն:
Անցեալ շաբաթ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին բանավէճը սրեցաւ, երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները հանդէս եկան իրարու հակասող յայտարարութիւններով: Ստորեւ ներկայացուած են արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ելոյթէն հատուածներ, որոնց մէջ ան կը մեղադրէ Ատրպէյճանին հետեւեալ գործողութիւնները.
ա. «Ռազմատենչ եւ հակահայ ատելութիւն սերմանող հռետորաբանութեան օրէ օր աւելնալ»ը,
բ. «Լայնածաւալ յարձակողական զէնքի աննախադէպ կուտակում»ը,
գ. «Տխրահռչակ ահաբեկչական կառոյցներու հետ սերտ կապ ունեցող վարձկաններու օգտագործում»ը,
դ. «Կացինահարող մարդասպան Սաֆարովի փառաբանում Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ»:
Այնուհետեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ՝ «Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ կանխարգիլումը կը շարունակեն առաջնահերթութիւն հանդիսանալ Հայաստանի համար: Մենք անհրաժեշտ քայլերու պիտի նախաձեռնենք՝ ուղղուած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան նոր դրսեւորումներու կանխման՝ միաժամանակ առաջնահերթ նշանակութիւն տալով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան եւ ժխտողականութեան հարցերուն… Իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդ՝ Հայաստանն աներկբայ կ՛ողջունէ ՄԱԿի անդամ պետութիւններուն կողմէն արտայայտուած յստակ դիրքորոշումը՝ բացառելու որեւէ անձեռնմխելիութեան կամ ներման հնարաւորութիւն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կատարողներուն համար»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը
Գրիչըդ Անմառ մնայ,այս համով հոտով վէրչին անցուդարձ
լուռերուն պատկանող Հայ Ժողովուրդին անվիճելի կացութեան
մասին, կ’սպասենք Արդարութեան լուծումին վասն գալիք
Նորանոր Սէրունդներուն․