
Ճրագի պէս ճաճանչող աչքս յառած միշտ հեռուն՝
Սպասեցի տարիներ ու Մասիսը չտեսայ…
Դալուկ աշուն է արդէն եւ աչքերուս կ՛իջնէ քուն.
Դեռ Մասիսը չտեսայ…
Ես շառաւիղ հայկազեանց, հայու ժպիտ, հայու լաց,
Մասեաց որդի հարազատ՝ ես Մասիսը չտեսայ.
Իր կարօտով տոչորուն եւ իր կանչով արբեցած՝
Ես Մասիսը չտեսայ…
Գիտեմ որ ան հիմա կայ, երկնասլաց լոյս գագաթ,
Ես ի՞նչ տեսայ աշխարհէն, երբ Մասիսը չտեսայ.
Կեանքս ցնորք ու փոշի՝ իր յաւերժին դէմ անյաղթ,
Ես Մասիսը չտեսայ…
Զայն կը գրկէ ամէն ժամ եւ կը շնչէ իմ հոգիս,
Բայց ո՛չ մէկ օր բաց աչքով ես Մասիսը չտեսայ.
Կախարդական առասպել եւ հորիզոն աշխարհիս՝
Ես Մասիսը չտեսայ…
Օտարի աչքն անտարբեր եւ դարաւոր թշնամին
Զայն կը դիտէ օրն ի բուն ես Մասիսը չտեսայ.
Որքա՜ն նայուածք ամբարիշտ յառեցաւ իր ճակատին,
Ես Մասիսը չտեսայ…
Դեռ քանի՞ օր ու տարի պիտի քալեմ ես այսպէս…
Մութ է ճամբան պանդուխտի ես Մասիսը չտեսայ.
Ինչպէ՞ս աչքերս փակեմ, երբ որ, ո՛վ մահ, զիս կանչես,
Ես Մասիսը չտեսայ…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ