
Իր ընտանեկան երդիքին տակ միայն մէկ զաւակ տեսնելու բախտը ունեցաւ Մուշեղ Իշխան, բայց ահա ան կը թողու որբերու հոյլ մը՝ իր մտերիմ բարեկամները. եւ ո՞վ արդեօք մտերիմ չէր իրեն. իր դրացիները, իր հազարաւոր աշակերտները, անոնց զաւակները, իր գաղափարի ընկերները եւ վերջապէս համայն հայ ժողովուրդը, որ անոր գրական ստեղծագործութեամբ հպար-տացաւ, օգտուեցաւ անոր ինքնատիպ ու հաճելի մանկավարժութենէն, անոր մէջ գնահատեց ողջմիտ, բարեխառն, բայց միաժամանակ անտեղիտալի Դաշնակցականութիւնը, ու սիրեց, մանաւա՛նդ սիրեց մեծ հոգիները յատկանշող Մուշեղ Իշխան մարդուն բացարձակ պարզութիւնը՝ Սփիւռքի հեռաւորագոյն անկիւններէն մինչեւ հայրենիք։
Որքա՜ն ալ դժուար ըլլայ մեռնիլը, Մ. Իշխան մեզմէ կը հեռանայ կեանքէն բաւարարուած։ Ան պայթող համաստեղութեան մը նման իր գրական պայծառ ու պարզագոյն գեղեցկութեամբ ողջունեց կեանքը, հրաժեշտ առաւ իր մանկութենէն։ Իր յարգանքի տուրքը տուաւ իրեն նման մեծ իր ուսուցիչներուն. տառապեցաւ աշխատեցաւ, սորվեցաւ, սիրեց, շատ սիրեց, յետոյ սպասեց, մինչեւ որ արեւու նման մարեցաւ, կրկին վերածուելու համար մաքրամաքուր խտացուած ուժանիւթի, օգտագործելի՝ իրմէ ետք եկող սերունդներուն կողմէ։
Ի՜նչ դժբախտ է այն գրականագէտը, որ առիթը չունեցաւ ճանչնալու Մ. Իշխանի հում անձնաւորութիւնը եւ ինչքա՜ն երջանիկ են այն ոչ–գրականագէտ, բոլոր տարիքներու հասարակ մահկանացուները, որոնց բախտը զիրենք մօտեցուց Մ. Իշխանին, ըլլա՛յ իբրեւ աշակերտ, ըլլա՛յ իբրեւ պաշտօնակից, ըլլա՛յ իբրեւ պարզ ծանօթ։ Անոնք իրենց հոգիներուն մէջ ընդմիշտ պիտի պահեն Մ. Իշխանի տարիք չճանչցող պատանեկան թարմութիւնն ու անմեղութիւնը, անյագօրէն նոր բան սորվելու իր կամքն ու ունակութիւնը, լուռ եւ ցուցամոլութենէ զերծ աշխատասիրութիւնը, փառասիրութիւն փշրող, ծայրայեղ պարզութիւնը, քաջութիւնը եւ մարդկային պայծառ այլ յատկանիշներու շարան մը, որուն ամբողջական թւումը պիտի խանգարէր զինք նոյնիսկ իր դագաղին մէջ։ Մարդոց հոգիներուն մէջ պիտի մնայ սէրը, մանաւանդ սէրը, սէրը ամէն ինչին հանդէպ, որ պարզ է, մաքուր է, գեղեցիկ է ու պարկեշտ։ Տառապանքն իսկ սիրեց, երբ անիկա մաքուր էր։
Հասարակական կեանքին մէջ ան քալեց հաստատուն ցամաքի վրայ, գիտցաւ ճիշդը զանազանել սխալէն, կարելին՝ անկարելիէն, մնալով քաղաքական–հասարակական իրապաշտութեան ծիրին մէջ։ Իր կեանքի այս մարզին մէջ ողջմտութիւնը, հայրենիքին սէրը եւ բոլորանուէր ծառայութեան տենչը կազմեցին իր ուղեցոյցը, հետեւելով իր կազմակերպութեան աւանդներուն։ Որքա՛ն բարի էր Մ. Իշխան իր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, այնքա՛ն անհանդուրժող էր մեր ազգային–հասարակական կեանքի յոռի երեւոյթներուն նկատմամբ։ Առանց հակասելու գեղարուեստական իր կոչումին, ան եղաւ յանձնառու հայ, յանձնառու դաշնակցական։ Մէկը միւսին չզոհեց։ Եղաւ երկուքն ալ։
Մկրտիչ Մկրտիչեան
***
Բազմակողմանի եղած է վաստակը Մուշեղ Իշխանին։ Ան գրած է բանաստեղծութիւն, վիպագրութիւն, յուշագրութիւն, թատրերգութիւն. եղած է խմբագիր, հրապարակագիր ու մանկավարժ։ Այս բոլորին մէջ, սակայն, տիրապետողը կը մնայ բանաստեղծը։
Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութեան առանցքը կը հանդիսանայ, ինչպէս ինք կը վկայէ արդէն, սէրը՝ իր բազմազան ճառագայթումներով։ Սէր՝ կորսուած տան, հայրենի օճախի եւ հայրենիքի, սէր՝ կնոջ, սէր՝ տառապող մարդկութեան։ Մուշեղ Իշխան գրած է այն, զոր զգացած է։ Բանաստեղծութեան մէջ իրեն համար մղիչ ազդակը զգացումն է, յուզումը, որ, ըստ իրեն, ներշնչում կը կոչուի։
Ճեմարանի մէջ մկրտուեցաւ իբրեւ աշակերտ եւ հո՛ն օծուեցաւ իբրեւ ուսուցիչ. բա՛ն մը, որուն պարտաւորութեան վրայ մնաց մինչեւ վերջ։ Ճեմարանի տեսիլը բիւրեղացած էր իր հոգիին մէջ՝ անցնելով ու խորասուզուելով իր էութեան «անկորնչելի եւ անմատոյց հորիզոնները»։ Ճեմարանը եղաւ իր ներշնչումն ու կեանքը։ Արդարեւ, հանրային–մանկավարժական–դաստիարակչական վաթսունամեայ ամբողջ գործունէութիւն մը ապրեցաւ Ճեմարանին մէջ։ Մ. Իշխան Ճեմարանը տեսաւ օրուան բոլոր ժամերուն, որովհետեւ անոր ճիշդ քովիկն էր նաեւ իր բնակարանը։ Ու շփոթ կար, թէ ո՞րն էր իր իսկական տունը։
Մուշեղ Իշխանի կերպարը բա՛ն մը ունի փոխանցելիք մեզի։ Սթափումի կոչ մըն է ան մեր անտարբերութենէն ու թմբիրէն՝ ազգային կեանքին առնչութեամբ։ Ինքնազսպումի հրաւէր մըն է անոր գործունէութիւնը՝ հոգեկան այլասերման ուղիէն դուրս գալու եւ առաջնորդուելու ազգային մտասեւեռումներու ճամբով։ Իր անձին օրինակը պերճախօս ու պայծառ օրինակն է գաղափարապաշտ կեանքի մը, որ ընկրկումներ չունեցաւ երբեք՝ հակառակ իր հիւանդութեան։ Վաթսունամեայ իր բոլորանուէր գործունէութիւնը լաւագոյն օրինակը կու տայ ներքին ուժով ծառայելու մեր հաւաքական կեանքին, մա՛նաւանդ այս պղտոր եւ ալեկոծ իրականութեան մէջ։
Կարօ Յովհաննէսեան
1990
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՎԱՉԷ ԵՒ ԱՐՓԻ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆՆԵՐ