Տիգրանակերտի Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրպաշը կ՛ուզէ զարգացնել յարաբերութիւնները Տիգրանակերտի եւ Գիւմրիի միջեւ. այս մասին կը գրէ թրքական Haberler.com կայքը: Տէմիրպաշը յայտնած է, որ իրենք իբրեւ հիմք ունենալով «բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ» քաղաքապետարան ունենալու սկզ-բունքը, կ՛ուզեն կապեր հաստատել տարբեր քաղաքներու հետ։
Ազգութեամբ քիւրտ քաղաքապետը դիտել տուած է, որ միջքաղաքային կապերը ընդլայնելու, մշակութային յարաբերութիւններ ամրապնդելու նպատակով աշխատանքներ կը տարուին օտար քաղաքներու, որոնց կարգին Գիւմրիի հետ: Տէմիրպաշի համաձայն, իրենք Թուրքիոյ Օրտու, Իրանի Ուրմիա եւ Հայաստանի Գիւմրի քաղաքներուն հետ նման յարաբերութիւններ հաստատելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են:
Ըստ Haberler կայքին, Տէմիրպաշ կը փափաքի, որ Գիւմրին եւ Սուրը քոյր քաղաքներ ըլլան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.