ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին Մոսկուայի դիմած են՝ քանդելու համար Վրաստանի եւ Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին վրայ կառուցուած պատնէշները:
Ըստ Ուաշինկթընի՝ այդ պատնէշները կ՛ոտնահարեն Թիֆլիսի գերիշխանութիւնը: ՆԱԹՕի ղեկավարութիւնը եւս յայտարարած է, թէ պատնէշները չեն նպաստեր տագնապի խաղաղ լուծման: Պատնէշներու մասին ահազանգած էին սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները: Ռուս զինուորներ Սեպտեմբերին սկսած էին փշալարեր տեղադրելու Վրաստանի սահմանին շուրջ:
2009ին, Հարաւային Օսեթիան իր սահմաններու պաշտպանութիւնը յանձնած էր Ռուսիոյ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.