ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Թեհրանի խոստումներով պիտի չբաւարարուի, այլ պիտի հետեւի անոր արարքներուն՝ նախքան յաջորդ քայլերը որդեգրելը: Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է առանձնաբար գործելու՝ արգիլելու համար հիւլէական զէնք ձեռք բերելու Իրանի ջանքերը:
Քերի Իսրայէլի մտավախութիւնները փարատելու նպատակով յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմին մէջ ոչ ոք նախագահ Հասան Ռուհանիի օրով Իրանի որդեգրելիք նոր ոճով պիտի տարուի: «Կը յուսանք, որ ան (Ռուհանի) յաջողի, որովհետեւ կը կարծենք, թէ աշխարհի, Միջին Արեւելքի, Իրանի եւ Իսրայէլի համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Իրանի մէջ զէնքերու արտադրութիւն տեղի չունենայ», նշեց Քերի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.