
ԵՐԵՒԱՆ.– Զարուհի Փոստանջեան դիմած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի կանոնակարգի յանձնաժողովին՝ տեղեկացնելով, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը կ՛ուզէ զինք հեռացնել հայկական պատուիրակութենէն նախագահի Սերժ Սարգսեանին ուղղած իր հարցումին պատճառով:
Փոստանջեանի համաձայն, ինք յանձնաժողովէն պարզաբանումներ ստացած է այն մասին, որ Աբրահամեանը իրաւասու չէ փոփոխութիւններ կատարել հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ, որովհետեւ պատուիրակութեան կազմը արդէն հաստատուած է, եւ եթէ Աբրահամեանը փորձէ խոչընդոտել իր գործունէութիւնը, ապա արձագանգները պիտի լսուին Եւրոպայի խորհուրդէն։
Ան նշած է, որ Աբրահամեան հետագային եւս չի կրնար զինք հեռացնել հայկական պատուիրակութենէն, քանի որ ԵԽԽՎին մէջ պէտք է ներկայացուած ըլլան Հայաստանի խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները: Եթէ յաջորդ տարուան Յունուարին, երբ պիտի հաստատուին նոր պատուիրակութեան կազմն ու լիազօրութիւնները, խնդիրներ ծագին, այն ատեն եւս եւրոպական այդ կառոյցը պիտի արձագանգէ:
Առայժմ Եւրոպայի խորհուրդը Յովիկ Աբրահամեանէն պաշտօնական փաստաթուղթ չէ ստացած, հետեւաբար որեւէ գործունէութիւն չի կրնար տանիլ։
Փոստանջեանի համաձայն, զինք հայկական պատուիրակութեան կազմէն դուրս հանելու գծով Յովիկ Աբրահամեանի «աւտորիտար քայլեր»ուն մասին արդէն տեղեակ են թէ՛ ԵԽԽՎի, եւ թէ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան մէջ, որուն անդամ է Փոստանջեանը:
«Նաեւ ԵԽԽՎի նախագահն է տեղեակ Յովիկ Աբրահամեանի յայտարարութիւնից, եւ շատ են ցաւում, որ Հայաստանը շարունակում է գտնուել աւտորիտար տիրոյթում, եւ ազատ խօսքի իրաւունքը, ընդդիմութեան յայտարարութիւնները կարող են նման հետապնդումների եւ ոտնձգութիւնների առարկայ դառնալ», ըսած է Փոստանջեան:
«Ժառանգութեան» պատգամաւորը ընդգծած է, որ հայկական պատուիրակութեան կազմէն զինք հանելու որոշումը Սերժ Սարգսեանինն է, Յովիկ Աբրահամեանը «ընդամէնը կատարող է»: Ան համոզում յայտնած է այն մասին, որ այս քայլը ուղղուած է ոչ թէ իր, այլ նաեւ ընդհանրապէս ընդդիմադիր կարծիքին դէմ:
«Սերժ Սարգսեանին ուզում եմ ասել՝ այդ ապօրինութիւնները, որ ինքը այս պահին փորձում է իրականացնել, դրանք միեւնոյն է ստանալու են իրենց պատասխանները, եւ մենք հասնելու ենք նրան, որ իր նման անձինք մեկուսացուեն հասարակութիւնից», դիտել տուած է Փոստանջեան: