ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Իբրեւ ամառնային արձակուրդ, քանի մը շաբաթներու համրանքով, խումբով Հայաստան մեկնած էի եւ արդէն իսկ վերադարձած եմ: Բայց ինչո՞ւ անպայման Հայաստան:
Ինչ մեղքս պահեմ, կը կարծեմ, որ Հայաստանը մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ միշտ եղած է քիչ մը ամէն տեղ: Կը զգայի այդ մէկը, որովհետեւ հոն հայրենիքիս ոգիները ինծի հետ էին ու անփոխարինելի բան մը փլցուցած հոգիիս մէջ: Անոր համար հորիզոնէ հորիզոն ու աստղէ աստղ՝ հետս տարած էի ազգային հպարտութիւնս, գիտակցութիւնս եւ հայրենասիրութիւնս:
Ու այս օրերուն, հո՛ս, տանս չորս պատերէն ներս, կը փորձեմ տողերուս յանձնել մտքիս բեռերը ոչ իբրեւ նօթագրութիւն, օրագրութիւն եւ կամ ալ՝ յուշագրութիւն:
Էհ, ինչպէս կ՛ուզէք հաշուեցէք, հոգս չէ, որովհետեւ բոլորիս համար ազատ եւ անկախ Հայաստան մը ունենալը եւ այցելելը, միշտ երազանք եղած էր: Աշխարհի վրայ թերեւս չէք կրնար գտնել որեւէ ժողովուրդ, որ մեզի չափ հայրենիքէն դուրս, սակայն մեզի չափ հայրենիքին հետ եղած ըլլայ:
Ա՛յս է ահա հայրենասիրութիւնը՝ կ՛ըսեմ:
Ու հոն, ամէն ազատ պահերուս, պանդոկիս դէպի փողոց նայող սրճարանի սեղանին ետեւէն ժամերով դիտած եմ դուրսը, անցորդը, բոլոր դրական երեւոյթները, հայ բանուորը, անգործ երեւանցին, ուրախ եւ վշտահար սուրիացին եւ օտար զբօսաշրջիկները: Նոյնիսկ քաջութեամբ փորձած եմ անոնց մօտենալ ու սրտբաց խօսիլ: Լսել անոնց սեւն ու ճերմակը, հայհոյանքն ու ընդվզումը, հինն ու նորը, ցաւն ու վիշտը եւ նաեւ՝ ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը: Միշտ լաւը տեսնելը կամ դրականը փնտռելը ազգային առողջ գիտակցութեան կը նպաստէ: Համոզուած եմ:
Աւելցնեմ, որ նոյն այդ փողոցի մայթերուն վրայէն ականաջալուր եղած եմ քաղաքական ծանր պայմաններու բերումով Սուրիայէն եւ յատկապէս Հալէպէն Հայաստան ապաստանած մեր հայորդիներու իրաւ կամ չափազանցուած «գանգատները», երախտագիտական խօսքերը, «վրդովանքները», տեղացիէն՝ իրենց հասցէագրուած «թունաւոր» խօսքերը ու նաեւ հայրենիքէն ներս իրենց ծրագրած ապագայի հեռանկարները:
Սակայն, ինչ որ ալ ըսեն եւ ընեն, կ՛ըսէի մտովի. «Հոս է Հայաստանը, ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկրի նման: Ուստի անպայմանօրէն պէտք է որոնել այս երկրի խորհուրդը»:
Ինծի համար բացայայտ էր, թէ երկրի, ծննդավայրի եւ կամ մայրենի լեզուի հանդէպ սէրը ոչ թէ սոսկ հայրենասիրութիւն է, այլեւ՝ ազգային արժանապատուութեան զգացում։ Բայց, չես գիտեր ինչո՞ւ մեծէն մինչեւ փոքրը, մինչեւ համեստ քաղաքացին այս մասին յաճախ մոռցած է:
Զգացի, որ բոլորին հայրենասիրութեան վերաբերեալ խօսքերն ու խօսակցութիւնները յաճախ սին էին ու պարապ, քանի որ ամէն քայլափոխի տեսանելի էր, թէ ինչպէս նոյն այդ մարդիկը իրենց խօսքերով կամ արարքներով կ՛ոտնահարէին ազգային արժանապատուութիւն ըսուածը:
Այս բոլորին մասին օրին խօսած եմ հայրենի զրուցակիցներուս հետ ու հետեւցուցած, թէ մենք տակաւին կը տառապինք հմտութենէ եւ թէ բոլոր հայերու հայրենիք Հայաստանը, որքան շուտ, այնքան լաւ՝ պէտք է դառնայ այն գլխաւոր նպատակին, որ ի սկզբանէ ունեցած է: Որովհետեւ այս ընթացքով այնպէս կ՛երեւի, թէ չափանիշները խախտուած են: Թերեւս պարզապէս կրկին ժամանակ է պէտք, ես զիս կը համոզեմ: Թէ որքան ժամանակ, այդ մէկն ալ կախեալ է քաղաքացիի անհատականութենէն:
Հպարտօրէն ըսելով, գեղեցկացած էր ամէն օր կէսօրին արթնցող եւ գիշերները մինչեւ առաւօտեան ժամերը յամեցող Երեւանը եւ խճողուած: Ոչ մէկ խօսք: Ճաշարան, սրճարան՝ լեփ լեցուն մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: Ամէն տեղ եւ ամէն գիշեր քէֆ եւ ուրախութիւն: Վկայ՝ Երեւանէն ներս կամ դուրս խճողուած սրճարաններն ու ճաշարանները:
Միւս կողմէ, ի տես լեփ լեցուն «ավթօպիւսներ»ուն, որոնք արտագաղթող քաղաքացիները դէպի օդակայան կը տանէին, կրկին անգամ զիս խոշոր մտահոգութեան մը մէջ կը նետէին: Շատ խօսուած է արտագաղթի մասին: Այս մէկը արդէն ազգային վիշտ ալ է:
Որո՞ւ հոգը: Բայց… անպայմանօրէն գիտակից հայուն հոգը:
Անոր համար միշտ կը մտածեմ, թէ մեր դրացիներէն մեզմէ խլուած հողերը կը պահանջենք, բայց չենք կրնար տէր կանգնել մեր 29 հազար քառակուսի քիլոմեթրին ու կամաց-կամաց երկիրը կը դատարկենք: Ամէն օր հայ մարդիկ իրենց հայրենիքէն կը հեռանան, որովհետեւ իրենց համար «գործ» չկայ, «աղքատութիւնը գլուխ առեր է»: Որովհետեւ կը մտածեն, թէ հայրենի հողը «ծանր» է իրենց համար: Մարդիկ, հայ ընտանիքներով կը հեռանան իրենց հարազատ հայրենիքէն, սիրելի ու պաշտելի իրենց Երեւանէն, Կիւմրիէն, Արարատեան մեր երկրի ամէն կողմերէն: Վստահ եմ, որ անոնք բոլորն ալ օտար երկիրներ գաղթելով պիտի շարունակեն Հայաստան եւ Երեւան երազել ու ամէն առիթներով անիմաստ ու շատախօս կենացներ պիտի նուիրեն, իբրեւ սրտի մխիթարանք:
Այնպէս կ՛երեւի, թէ մարդիկ արդէն շատոնց մոռցած են, թէ հողը եւ լեզուն վերապրումի գործիքներ են, կ՛եզրակացնեմ:
Աւելին, նշմարած եմ նաեւ, թէ շատերուն համար տակաւին Հայաստանը կը մնայ իբրեւ տեսարժան վայրերով հարուստ շբօսաշրջիկութեան յարմար լաւ, աժան ու գեղեցիկ երկիր մը, ուր նոյնիսկ կարելի է ակռաները աժան ձեւով դարմանել:
Անկախ այս բոլորէն, տակաւին կը մեղադրենք մեր երկրի դրացիներուն հայկական յուշարձանները աւերելուն համար, սակայն մենք մեր ձեռքերով կը քանդենք մեր կոթողները: Գանձասարի, Տաթեւավանքի, Խոր Վիրապի եւ կամ սրբատեղիներու պատմական պատերուն վրայ մեր սիրուհիներուն նուիրուած խօսքեր կը փորագրենք, աւերելով այդ սրբատեղիներուն պատմական սրբութիւնները: Էջմիածինի Մայր տաճարէն մինչեւ Արցախի Ղազանչեցոց հսկայ ու գեղեցիկ, նաեւ այլ տաճարներու շրջափակերուն գարշահոտ, աղտոտ ու անխնայ ու լքուած լուացարաններուն ներկայութիւնը, զիս ուղղակի յուսախաբութեան կը մատնէ:
Ասոնք բոլորը, ամօթ ըլլալով հանդերձ, նաեւ ատելութիւն են սեփական ազգի նկատմամբ: Ահա մեր ազգային նկարագիրի աղաւաղումը, կ՛ըսեմ շշմած:
Կորսուած է մեր սեփական արժանապատուութիւնը: Տեղ մը սխալ բան մը կայ: Պէտք է զայն վերագտնել ու անպայման այս ափ մը մեր հայրենիքէն ներս վերադարձնել իր իրաւ ազգային դիմագիծը:
Կը կրկնեմ միշտ, թէ մեր վերապրումը բաժակաճառերով չըլլար: Սթափումի ճիգ պէտք է: Հայ նոր միտքի կոփում: Արդար ղեկավարութիւն:
Ինծի համար Սփիւռքի կողքին, այս օրերուն հայրենիքն ալ հայ ինքնութեան պահպանումի կարօտը ունի: Եւ որպէսզի մենք մեր մէջ չսրտդողինք եւ մենք մեր մէջ ալ չյուսահատինք եւ որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի, մենք պէտք է նպաստենք մեր երկրի օրէնքի եւ արդարութեան հաստատման: Դասեր քաղենք պատմութենէն: Նոր շունչ հաղորդենք ու ազգային ոգիին թափ տանք:
Տոկալ, վերապրիլ, սիրել երկիրը եւ ստեղծագործել: Այս բոլորը, որովհետեւ հաստատապէս մեր ապահովութիւնը մեր հողին վրայ է: Որովհետեւ, բոլորիս համար անմահութեան ճամբան Մասիսն է:
«Հայաստանը՝ հայերու համար» ըսինք ու կրկնեցինք, թելադրեցինք ու յորդորեցինք, աւելի քան երկու տասնամեակներ: Այս օրերուն սեփական արժանապատուութեան վերահաստատման սիրոյն ժամանակն է, որ ըսենք ու գործենք՝ «Հայերը, Հայաստանի համար»:
Այս ձեւով, անկասկած մեր երկրին մէջ պիտի վերագտնենք այն, ինչ որ կորսնցուցած ենք իբրեւ ազգային եւ մարդկային արժէքներ: