ԱՐՄԱՒԻՐ, «Արմէնփրէս».– Արմաւիրի «Բաղրամեան» զօրավարաժարանին մէջ տեղի ունեցող «Արձագանգ-2013» ռազմավարական մարզումներով Հայաստան կը բարձրացնէ պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու աշխատանքի ներդաշնակութեան մակարդակը՝ ռազմաքաղաքական իրավիճակի սրման պարագային։
«Պետութեան բարձրագոյն պաշտօնատար անձանց աշխատանքը ռազմաքաղաքական որոշումների կայացման ժամանակ» նիւթով մարզումներուն ներկայ եղան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, պետական կառավարման համակարգի եւ զինուած ուժերու բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Հայաստանի կառավարութեան անդամները՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, անցան «Հոգեբանական յաղթահարման արգելագօտի» կոչուող տարածքով, ուր ստեղծուած է պատերազմական պայմաններուն բնորոշ իրավիճակ: Այնուհետեւ կառավարութեան անդամները հետեւեցան հետախոյզներուն, յատուկ ջոկատայիններու ցուցադրական վարժութիւններուն, որոնք փաստեցին Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը: Կառավարութեան բոլոր անդամները տարբեր զինատեսակներով կարելիութիւն ունեցան ստուգելու իրենց կրակային պատրաստականութեան աստիճանը, ծանօթացան վարժութիւններուն ներկայացուած զինուորական սարքերուն եւ սպառազինութեան:
Զօրավարժութիւններուն ներկայացուած են ժամանակակից սպառազինութեան տեսակներ, ինչպէս՝ SCUD, 8K14-1 հրթիռները, զենիթահրթիռային C300, OCA համակարգները, «Կռունկ», «Բազէ» եւ այլ տեսակի անօդաչու սարքեր, տեղորոշիչ համակարգեր, հայկական արտադրութեան հրազէն եւ բազմաթիւ այլ զինատեսակներ: Կառավարութեան ներկայացուցիչները հետեւեցան զօրավարժութիւններուն ընթացքին:
Հոկտեմբեր 8ին տեղի ունեցած կառավարութեան արտակարգ նիստին կառավարութեան անդամներ այս ռազմավարժութիւններուն վերաբերող առաջարկներ ներկայացուցին վարչապետին՝ հաւանական սպառնալիքներու չէզոքացման ու հանրապետութեան պաշտպանութեան նախապատրաստութեամբ ուղղուած քայլերուն վերաբերեալ:
Վարչապետը ներկայացուցած է կառավարութեան որոշման նախագիծերը, որոնք կը բխին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրներէն ու կարգադրութիւններէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.