ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11էն սկսեալ, ամէն Ուրբաթ, դասական պալէի երկու դասընթացքներ պիտի մատուցուին Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնէն ներս (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306): 3-9 Տարեկան աշակերտները պիտի սորվին պալէի հիմնական եւ պարզ քայլերը, զարգացնելու համար իրենց ինքնավստահութիւնը, ճկունութիւնը եւ համակարգումը, ինչպէս նաեւ դերակատարութիւնe (պալէի տարազը պայման է): 10 տարեկանէն վեր աշակերտները պիտի սորվին տարբեր տեսակի պարեր եւ քայլեր՝ դերակատարութեան եւ բեմադրական արտադրութեան կողքին: Ճկունութեան համար յատուկ մարզանքներ պիտի կատարուին:
Արձանագրութիւնները պիտի շարունակուին ամէն Ուրբաթ, մինչեւ դասարանները լեցուին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել oiaballet@hotmail.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.