ՄՈՆՐՈՎԻԱ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28ին տեղի ունեցաւ «Մաունթ Սիէրա» համալսարանի նոր ուսանողները համալսարանին ծանօթացնելու ձեռնարկը՝ աշնանային կիսամեակի սեմին:
Աւելի քան 90 աշակերտներ եւ հիւրեր ներկայ էին ձեռնարկին, որ կրթական նոր ճամբորդութեան մը մեկնակէտն էր:
Ծանօթացման այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Մաունթ Սիէրա» համալսարանի սրահը, ուր համալսարանի տնօրէն Քրիսթըն Սթապ նոր ուսանողներուն ներկայացուց համալսարանական յաջող փորձառութեան գաղտնիքները՝ ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց մասնագիտութիւնը՝ լրատուական արուեստներ, խաղերու արուեստներ կամ գործարարական եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւն:
Սթապ նաեւ լուսարձակի տակ առաւ համալսարանին տրամադրած սպասարկութիւնները, ինչպէս՝ ուսանողներու արտադասարանային ձրի դասաւանդում, կրթանպաստներու կարելիութիւններ եւ խորհրդատուական սպասարկութիւններ:
«Առաջին օրէն իսկ, համալսարանի անձնակազմն ու դասախօսները ձեր կողքին պիտի ըլլան իւրաքանչիւր քայլափոխի, մինչեւ որ շրջանաւարտ ըլլաք: Ձեզմէ լուրջ աշխատանք պիտի պահանջուի, բայց շրջանաւարտից հանդէսին ընթացքին պիտի կարենաք մեծ հաճոյքով տօնել ձեր իրագործումը», յայտնեց ան:
Համալսարանի իւրաքանչիւր ուսանողի համար խորհրդատուներ կ՛որոշուին տարբեր բաժանմունքներէ, որպէսզի անոնք ամենաարագ ժամանակամիջոցին հասնին իրենց վկայականին ու աշխատանքի կարելիութիւն գտնեն: Շրջանաւարտ ուսանողները եւս աշխատանք ճարելու գծով խորհուրդներ կրնան ստանալ:
Համալսարանի 2013ի աշնանային կիսամեակի դասաւանդութիւնները սկսաւ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7ին: Այս տարեշրջանի նոր ուսանողներուն մէջ կան շրջանի երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան զինուորական ուժերու վեթերաններ, անդամներ եւ շրջանի այլ համալսարաններէ փոխանցուած ուսանողներ: Նոր ուսանողներուն մէջ կան նաեւ իրենց աշխատանքի կարելիութիւնները ընդարձակելու նպատակով ուսում ստացող անհատներ, որոնք արդէն իսկ կ՛աշխատին:
«Նորեկ ուսանողներուն խանդավառութիւնը մեծ է, իրենց նման մենք եւս անհամբեր ենք դասաւանդութեանց առաջին օրուան, երբ ուսանողները կարելիութիւնը պիտի ունենան հանդիպելու իրենց դասընկերներուն, դասախօսներուն եւ անձնակազմի անդամներուն հետ», կը յայտնէ համալսարանի ուսանողներու արձանագրութիւնները համակարգող Քլարա Մորաթայա-Քալպաքլեան:
Համալսարանը կարելիութիւն կ՛ընծայէ նոր ուսանողներուն, որ կրթական տարեշրջանի մը ընթացքին իրենց դասընթացքներուն սկսին չորս տարբեր ժամանակներու, որպէսզի շրջանաւարտ ըլլալու անոնց ջանքերուն իրականացումը չուշանայ: Ուսանողները կրնան երեք տարիէն կամ նուազ ժամանակի ընթացքին աւարտել իրենց ուսումը, եթէ բաւարար վարկեր կարենան փոխանցել այլ համալսարաններէ:
Համալսարանի ձմեռնային կիսամեակը կը սկսի Յունուար 6, 2014ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.