ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ապերախտութիւնը կեանքի որեւէ հանգրուանին, ոեւէ անձի կողմէ, որեւէ պայմաններու տակ, ընդունելի չէ՛: Ո՛չ ոք պիտի ուզէր ապերախտ զաւակ, ազգական, բարեկամ կամ ծանօթ ունենալ, ո՛չ ալ պիտի ուզէր փողոցին մէջ հանդիպիլ ապերախտ մարդու, որ տեղւոյն վրայ մոռնար այն էական օժանդակութիւնը, զոր պատահաբար մատուցեր էր անոր, իբրեւ պարզ անցորդ:
Տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող ծերանոցները կամ հանգստեան տուները լի են երբեմն իրենց զաւակներուն կողմէ մոռցուած հայրերով ու մայրերով, որոնք անցեալին մեծ ուրախութեամբ ողջունած էին իրենց զաւակներուն գալուստը այս աշխարհ, ու գիշերներ լուսցուցած, մինչեւ անոնց մեծնալը: Իսկ հիմա ալ, չկայ վայրկեան, երբ սպասող աչքերով չնային իրենց սենեակի դրան, կամ պատուհանէն դուրս, թէ՝ ե՞րբ պիտի գան իրենց հոգեհատորները փնտռելու զիրենք, կամ գէթ հարցնելու իրենց մասին: Ոմանք յուսահատ, միայն հեռաձայնի զանգին կը սպասեն, անով մխիթարուելու եւ գոհանալու համար:
Այսօր դարձեալ կայ անուշադրութեան մատնուած փաղանգ մը ուսուցիչներու, որոնց աշակերտները թերեւս կարեւոր դիրքերու հասած են, կամ՝ գէթ այդ ճամբուն վրայ կը գտնուին: Ուսուցիչներ, որոնք ճիշդ է, այդ ասպարէզին ճամբով իրենց առօրեայ օրապահիկին ետեւէն կը վազէին, սակայն անոնք ո՛չ միայն իրենց ժամանակէն ու իմացական պաշարէն տուած են, այլ իրենց էութենէն բաշխած իրենց աշակերտներուն: Անոնց հասցէին ուղղուած երախտագիտական նուազագոյն արտայայտութիւնը, թերեւս միայն սովորական պարզ ժպիտը բաւարար պիտի դառնար ցոյց տալու արժանի վարձատրութեան յանձնառու կամքը, նախկին աշակերտներու մօտ:
Նոյնը կարելի է ըսել յայտնի թէ անյայտ, ծանօթ թէ ծածուկ բարերարներու համար, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ վարձատրութեան ու գնահատանքի ո՛չ կարիքը կը զգան, ո՛չ ալ ցանկութիւնը ունին: Արդէն իսկական բարերարութեան մասին խօսած ժամանակ, այդ մասին կը մտածեն մեզմէ շատեր, երբ հետեւելով հայկական իմաստուն առածին, «բարիք ըրէ՛, ծով նետէ»ի սկզբունքին, բնա՛ւ չեն մտածեր այս աշխարհի վրայ մարդոցմէ վարձատրուելու մասին: Այլ՝ անոնք երկնային պարգեւներու վրայ կը խորհին միայն, այն յոյսով որ Աստուած անպայման վարձահատոյց պիտի ըլլայ իրենց, եւ ժամանակներու աւարտին ըստ արժանւոյն պիտի գնահատէ զիրենք այն ծառայութեան համար, զոր իրենք մատուցին իրենց նմաններուն:
Երկար յիշողութիւն է պէտք, երախտագէտ ըլլալու համար: Կարճ յիշողութեամբ մարդիկ միշտ ալ պիտի տառապին ապերախտութեան ախտով, ու պիտի տառապեցնեն իրենց շրջապատը, այդ չար ու վնասաբեր հիւանդութեամբ: Առհասարակ մարդիկ ի՞նչ հիւանդութիւններէ կը սարսափին. վարակիչ տեսակներէն:
Ապերախտութիւնն ալ վարակիչ հանգամանք կը ստանայ յատկապէս դաստիարակչական գործի լծուած անձերու միջոցով: Երբ երախտագիտութեան գաղափարը պղտորոշ է դաստիարակի աչքերուն մէջ, չի՛ կրնար անոր հեռատեսութիւնը պարգեւել իրեն յանձնուած մանուկներու վճիտ աչքերուն:
Ապերախտութիւնը աններելի յանցանք ու մինչեւ իսկ մեղք կը համարուի անոնց համար, որոնք իրենց այդ վարակը կը տարածեն նոր կազմաւորուող մանուկներու հոգիին մէջ: Տակաւին լոյծ կամ խմորային վիճակի մէջ գտնուող անոնց ուղեղները պէտք չէ՛ լեցուին ապերախտութեան թոյնով: Յատկապէս կրօնական դաստիարակութեան պարագային, միայն երախտագիտութեան զգացումը պէտք է տիրապետողը ըլլայ, նախ՝ հանդէպ Արարիչին, յետոյ՝ բոլոր այն մարդոց, սկսեալ իրենց ծնողներէն, մինչեւ հարազատներն ու ծանօթները, որոնք այս կամ այն ձեւով օժանդակութիւն ցուցաբերած են, նպաստելով իրենց կազմաւորման ընթացքին:
Իսկ եթէ նոյն՝ կազմաւորուող երեխան իր դաստիարակին մօտ ապերախտութիւն եւ նոյնիսկ աւելին՝ ոխ, քէն ու ատելութիւն նշմարէ, անջնջելի հետք կը ստանայ իր հոգիի պարզ հայելիին վրայ, որուն ազդեցութիւնը կը կրէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Մարդիկ առհասարակ դժուարութիւն կ՛ունենան ներելու անոնց, որոնք ապերախտ գտնուած են իրենց նկատմամբ: Սա ալ մարդկային տկարութեանց ցուցակին մէջ պէտք է արձանագրել, որովհետեւ գերմարդկային ոյժը, որ մեծ կարողութիւն կը ծնի, վեհութեամբ ու իր բարձր դիրքերէն շատ դիւրութեամբ ներում կը շնորհէ նման պարագաներու:
Եթէ մարդոց նկատմամբ ապերախտութեան երեւոյթը այսքան դժուար ընդունելի է եւ նոյնիսկ անհասկնալի, հապա՞ Աստուծոյ նկատմամբ… Ան որ բոլոր տեսակի բարիքներու պարգեւիչը եւ կեանքի բարերար պայմաններու ստեղծիչն է, ինչքա՜ն աւելի պիտի վիրաւորուի, երբ տեսնէ ապերախտութեան երեւոյթ՝ Իր կատարած բարիքներուն ի պատասխան:
Ճանչցած եմ ծերունի մարդ, որ գիտակցական տարիքի գալէ ու մանաւանդ զԱստուած Իր հրաշագործութիւններով ճանչնալէ ետք, ծոցատետրին մէջ թուարկած է այն բարիքները, զորս Աստուած պարգեւած է իրեն: Սկսելով իր աստուածճանաչողութեան վայրկեանէն, մինչեւ իր զաւակներուն ծնունդը եւ նոյնիսկ տունը կազմելու համար անհրաժեշտ կահկարասիներն ու կարեւոր իրերը, զորս տքնաջան աշխատանքով կարողացեր է գնել, արձանագրած է այնտեղ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ պարգեւատրուած բարիքներ: Հետաքրքրական է, որ իւրաքանչիւր տողատակի նաեւ գրած է ան «Փառք» սրտաբուխ շնորհակալական արտայայտութիւնը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար կատարուած իրագործումներուն:
Համեստ ծերունիի այս խոնարհ արարքին մէջ կայ խորունկ իմաստ ու նշանակութիւն: Առհասարակ մարդիկ իրենց ուժերուն ապաւինելով, կը մոռնան թէ այդ ամէնուն իրականացման իսկական պատճառը իրենց մարդկային սահմանափակ կարողութիւնները չեն, այլ՝ երկնատուր այն զօրութիւնն ու իմաստութիւնը, զորս Աստուած կու տայ մարդուն, իրականացնելու իր ծրագիրները: Այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր էջի վերեւ, իբրեւ վերնագիր ան գրած էր. «Աստուծոյ կատարած հրաշքները»:
«Հրաշք» բառը իր Սուրբ Գրային պարունակին մէջ պահելու նպատակով եթէ որոշ մեղմացումի ենթարկենք, կարելի է զայն ընդունիլ իբրեւ «օրհնութիւն»: Իւրաքանչիւր բարիք, որ մարդ կը վայելէ իր կեանքին մէջ, ըլլայ այդ Աստուծմէ, թէ ըլլայ մարդոցմէ, միթէ՞ օրհնութիւն չէ: Ուրեմն կատարուած բարերարութիւնները յիշելը, ու մարդոց նկատմամբ երախտամոռ չըլլալը եթէ առաքինութիւն է, Աստուծոյ պարգեւած օրհնութիւններուն նկատմամբ երախտապարտ ըլլալը՝ աւելի՛ քան առաքինութիւն…
Նոյն ծերունին չէր կրնար հանդուրժել դժգոհ ու մանաւանդ Աստուծոյ դէմ բողոքող մարդոց: Առանց պատմելու իր փորձառութեան կամ տարիներէ ի վեր իր պահած արձանագրութեան մասին, պարզապէս կ՛ըսէր խօսակիցին.
_ Թուէ՛ Աստուծմէ ստացած օրհնութիւններդ:
Եթէ թուարկելու սկսինք, վստահաբար ամօթով պիտի մնանք մեր Արարիչին դիմաց, երբ տեսնենք թէ ինչքա՜ն անիմաստ քանի մը ձախողութիւններու համար կը բողոքենք, երբ անդին մեր ստացած օրհնութիւններու քանակը այնքան ծանրակշիռ պիտի յայտնուի: Մահը անգամ, որ անխուսափելիօրէն պիտի այցելէ իւրաքանչիւր ընտանիքի, Աստուծոյ անհաշիւ օրհնութիւններուն դիմաց պիտի թուի սովորական կամ բնական օրէնքը աշխարհի, որուն ստիպողաբար պիտի ենթարկուի ամէն հողածին արարած: Թուէ՛ Աստուծմէ ստացած օրհնութիւններդ, ու պիտի մխիթարուիս ամէն տեսակի ցաւերուդ մէջ: