
ՕՍԼՕ, «Ռոյթըրզ».- Նոպէլեան մրցանակներու յանձնախումբը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11ին յայտարարեց, թէ այս տարուան խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի Քիմիական զէնքերու արգիլման կազմակերպութեան, որ վերջին քանի մը ամիսներուն լուսարձակի տակ կը գտնուի՝ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման պայմանները հետաքննելու եւ երկրին քիմիական զէնքերը բնաջնջելու պարտականութիւնները ստանձնելուն հետեւանքով:
Յանձնախումբը շեշտեց, թէ որոշումը անմիջականօրէն կապուած չէ Սուրիոյ տագնապին, սակայն դրուատեց այն իրողութիւնը, որ կազմակերպութիւնը ներկայիս դարձած է Սուրիոյ տագնապը լուծելու աշխատանքներուն մէկ կարեւոր մասնիկը: Քիմիական զէնքերու արգիլման կազմակերպութիւնը հաստատուած է 1997ին: Անոր կեդրոնատեղին Հոլատնայի մէջ է: