ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ մէջ սուրիական օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչ Նատիա Աուատ հաղորդեց, որ ընկերութիւնը ներքին եւ միջազգային թռիչքներ կ՛իրականացնէ օրական դրութեամբ ու երկրին օդակայանները սկսած են աշխատելու բնականոն դրութեամբ:
Ընկերութիւնը ամէն օր կը կատարէ Դամասկոս-Լաթաքիա, Դամասկոս-Գամիշլի թռիչքներ: Թռիչքներ կը կատարուին նաեւ դէպի Մոսկուա, Գահիրէ, Ապու Տապի, Պաղտատ, Պէյրութ, Ալճերիա, Ամման, Թեհրան, Քուէյթ եւ այլ վայրեր:
Սեպտեմբերի աւարտին, սուրիական բանակը յաջողեցաւ բանալ դէպի Դամասկոսի միջազգային օդակայան տանող ճանապարհը, որ աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր ահաբեկչական «Ճապհաթ Նուսրա» խմբաւորման հակակշիռին տակն էր:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման համար՝ Քիմիական զէնքերու արգիլման կազմակերպութեան եւ ՄԱԿին միջեւ միացեալ առաքելութիւն մը կազմելու ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի առաջարկը:
Նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ նշեց, որ քիմիական զէնքերու ոչնչացման վերաբերեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը պարտադիր է սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան համար՝ աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է Սուրիոյ ապագային վերաբերող հարցերը լուծելու կարող պատուիրակութիւն մը կազմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.