ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիական բանակի երկարատեւ պայքարի իբրեւ արդիւնք, Հալէպի շրջափակման աւարտէն եւ գլխաւոր ճանապարհի բացուելէն ետք 10 Հոկտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով պասերը սկսան երթեւեկելու: Այս մասին յայտնած են «Արմէնփրէս»ի Հալէպի աղբիւրը՝ աւելցնելով, որ բացի Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող պասերու երթեւեկէն, սկսած է քաղաք անհրաժեշտ դեղամիջոցներ, մթերք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ բերուիլ: Քանի մը օր շարունակ բանակը աշխատանքներ տարած է՝ մաքրելով ճամբան ականներէն, եւ միայն ամբողջական անվտանգ ըլլալէն վստահ ըլլալէ ետք արտօնած է երթեւեկը։
Աղբիւրը նաեւ տեղեկացուցած է, որ հայաշատ Հալէպի մէջ 9 Հոկտեմբերին վերսկսած է գործել ամիսէ մը ի վեր անջատուած համացանցը: Բայց եւ այնպէս նոյն օրը գրեթէ ամբողջ քաղաքին մէջ ելեկտրականութիւնը ընդհատուած է։
Աղբիւրը՝ քաղաքին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին անդրադառնալով, նշած է, որ հայկական թաղմասերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, միջադէպեր չկան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.