Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հանդիսապետութեամբ, մասնակցութեամբ թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի ու հոգեւոր դասուն պիտի օծուի Եկատերինպուրկ քաղաքի նորակառոյց Ս. Կարապետ հայկական եկեղեցին:
Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրաստիճան հիւրեր, հասարակական, ազգային եւ մշակութային գործիչներ՝ հրաւիրուած Հայաստանի Հանրապետութենէն, Ռուսիոյ այլ քաղաքներէն, բազմաթիւ հաւատաւոր հայորդիներ:
Եկեղեցւոյ հիմքերու օրհնութիւնը կատարուած է 2003ին՝ ձեռամբ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի:
37 մ. բարձրութեամբ եկեղեցին նախատեսուած է 200 հոգիի համար եւ երեսապատուած է Հայաստանէն տարուած Արմաւիրի կարմիր տուֆով:
Եկեղեցին կառուցուած է Սվերտլովսկի մարզին մէջ գործող «Անի Արմէնիա» շրջանային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Մասիս Նազարեանի բարերարութեամբ: Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Յակոբ Գասպարեան, որմնանկարիչը՝ Արտեոմ Մելքոնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.