
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».– Ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) երիտասարդ գործիչ Տիգրան Առաքելեան աւելի քան երկու տարի բանտարկուելէ ետք, համաներման որոշման գործադրութեամբ Երկուշաբթի ազատ արձակուեցաւ:
«Արմէնիա Նաու»ի թղթակից Սիրանոյշ Գէորգեան կը գրէ, թէ խուլիկանութեան եւ ոստիկանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու յանցանքով մեղադրուող երիտասարդը արդարացուեցաւ մասնակիօրէն:
Դատարանը Առաքելեանը անմեղ նկատեց ոստիկանի նկատմամբ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու յօդուածով, սակայն մեղաւոր նկատեց ոստիկանի նկատմամբ ոչ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու եւ խուլիգանութեան յօդուածներով՝ դատապարտելով չորս տարուան բանտարկութեան: Դատարանը կիրարկեց համաներումը եւ ազատ արձակեց Առաքելեանն ու Կոնգրեսի միւս երեք երիտասարդ գործիչները, որոնք ներգրաւուած էին 2011ի Օգոստոսին Երեւանի Կարապի լիճի մօտակայքը ոստիկաններուն հետ տեղի ունեցած միջադէպին մէջ:
Առաքելեանը, որ վերջին դատական նիստերէն մէկուն ընթացքին յայտարարած էր, թէ ինք պէտք չունի համաներման, եւ թէ ինք արդարացում կը պահանջէ, դիտել տուած է, որ պիտի դիմէ Վճռաբեկ դատարան՝ լիակատար արդարացման դատավճիռի հասնելու համար:
Երեկոյեան Առաքելեան Սարեանի պուրակին մէջ հանդիպում ունեցած է ՀԱԿի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլորին՝ վերջին երկու տարիներուն իրեն աջակցելնուն համար, «անձրեւի տակ պաստառով դատարանի առջեւ կանգնելու» համար եւ ըսած է, որ այսուհետեւ աւելի աշխոյժ պիտի ըլլայ, աւելի խորքային լուծումներ փնտռելու միտող գործողութիւններ պիտի կատարէ:
ՀԱԿ խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան յայտարարած է, թէ իրենց պայքարը միայն Առաքելեանը ազատ արձակելու համար չէր, այլ իրենց կը միտին չտեսնել Հայաստանի մէջ քաղաքական տեսակէտներու համար հետապնդուող անձեր: