
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամին, տարեկան 11րդ Խնդուքի երեկոն տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 17ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, հռչակաւոր «The Comedy Store»ին մէջ (8433 Sunset Blvd., Los Angeles, CA 90069):
Տոմսերու սակը 50 կամ 100 տոլար է:
Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամի դրամահաւաքի նախաձեռնութիւններէն մէկը հանդիսացող այս ձեռնարկը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան խումբ մը յայտնի կատակաբաններ, յարմար չէ 21 տարիքը չբոլորածներու համար:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (213) 804-0979 թիւին կամ այցելել itsmyseat.com/ABMDR կայքէջը: