ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– ՖԻՖԱն 17 Հոկտեմբերին պիտի հրապարակէ մոլորակի հաւաքականներու վարկանշային նոր ցուցակը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Սեպտեմբերին 592 միաւորով կը նկատուի մոլորակի 55րդ խումբը: Սակայն Պուլկարիոյ ընտրանին պարտութեան մատնելէ եւ 15 Հոկտեմբերին Իտալիոյ հզօր խումբին դէմ հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք հայ մարզիկները անպայման պիտի բարելաւեն իրենց դիրքը։
Սեպտեմբերեան ցանկին մէջ հայերը 11 դիրքով բարձրացած էին: Իրանը 48րդն էր, Թուրքիան՝ 49րդը, Վրաստանը՝ 97րդը, իսկ Ատրպէյճանը՝ 107րդը:
ՖԻՖԱի վարկանշային ցանկը նախորդ ամիս գլխաւորած էր աշխարհի եւ Եւրոպայի ներկայի ախոյեան Սպանիան՝ 1514 միաւորով: Երկրորդ դիրքի վրայ էր Արժանթինը՝ 1263 միաւորով, երրորդը Գերմանիան՝ 1261 միաւորով:
Չորրորդ դիրքի վրայ՝ 1199 միաւորով, Հայաստանի հաւաքականի 15 Հոկտեմբերի մրցակիցն էր՝ աշխարհի քառակի ախոյեան (1934, 1938, 1982 եւ 2006 թուականներու)
Իտալիոյ մէջ լոյս տեսնող «La Gazettadello Sport»ը կը գրէ, թէ իտալացիներուն խաղը 15 Հոկտեմբերին փրկած է «ՍուփերՄարիօն»՝ Մարիօ Պալոթելլին:
«Խումբը ոչ տպաւորիչ կերպով սկսաւ հանդիպումը: Երկու անգամ պարտուողի դերին մէջ էր: Երկու անգամ յաջողեցաւ պատասխան գնդակ խփել՝ նախ ատիկա ըրաւ Ալեսանտրօ Ֆլորենցին, ապա՝ «ՍուփերՄարիօն»:
«Այս ձախողութիւնը Իտալիոյ համար բարդ վիճակ պիտի ստեղծէ աշխարհի ախոյեանութեան խումբերը կազմելու վիճակահանութեան ընթացքին, քանի որ իտալացիները կրնան մաս չկազմել աւելի հզօր խումբերու համար յատկացուող բարենպաստ ցանկին», գրած է թերթի մեկնաբան Անտրէա Էլեֆանտէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.