ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քարիւղի միլիառաւոր տոլարներու մէջ լողացող, սակայն բարոյականութենէ զուրկ Ատրպէյճան զբաղած է հսկայական գումարներ բաժնելով բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են ուշադրութիւն դարձնելու իր քարոզչութեան:
Պաքուի կաշառքով գործեր յառաջ տանելու քաղաքականութիւնը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի է իբրեւ «խաւիարային դիւանագիտութիւն», այժմ ալ իր թակարդին մէջ առած է Ուաշինկթընի ազդեցիկ վերնախաւը: Ըստ երեւոյթին, պակասը չի զգացուիր ամերիկացիներու, որոնք պատրաստ են իրենց հոգիները ծախելու որեւէ գումարի համար: Ատրպէյճանը, իբրեւ լոպիինկի ասպարէզին մէջ նորելուկ, արագօրէն սորվեցաւ այդ ոլորտի հնարքները իր «աւագ եղբայր» Թուրքիայէն՝ քաղաքական խաբէութեան քաջատեղեակ վարպետէն:
Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կայքը կը հրապարակէ տասնմէկ ամերիկեան ընկերութիւններու անուններ եւ գումարներ, որոնք վճարուած են ատրպէյճանական տարբեր մարմիններու կողմէն.
– Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը ամսական 35 հազար տոլար կը վճարէ «Փաթոն պոկս» ընկերութեան՝ «Միացեալ Նահանգներ- Ատրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւններու վերաբերեալ խորհրդատուութեան եւ աջակցութեան համար», ամսական 18.3 հազար տոլար «Մելուուտ քոմիւնիքէյշնզ» ընկերութեան՝ «Լրատուամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան ռազմավարութեան» աջակցելու համար, ամսական 20 հազար տոլար «Տի.Սի.Այ. կրուփ»ին՝ «Հանրային կապերու եւ լրատուական քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ վերլուծական կեդրոններու հետ յարաբերութիւններու ստեղծման» համար, եւ ամսական 45 հազար տոլար «Տը Փոտեսթա կրուփ»ին՝ հանրային կապերու իրականացման համար:
– «Տը Լիվինկսթոն կրուփ»ը, որ կը կրէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Պապ Լիվինկսթոնին անունը, որ իր պաշտօնը լքած է խայտառակ ձեւով, մինչ այժմ ստացած է 2 միլիոն տոլար` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անունով լոպիիստական գործունէութիւն իրականացնելու համար:
– Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունը «Ճեֆըրսըն Ուոթըրմըն ինթըրնեշընըլ»ին ամսական 25 հազար տոլար կը վճարէ՝ «Ամերիկեան հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման» եւ «Լրատուամիջոցներու հետ կապերու ռազմավարութեան» համար: Նշուած ընկերութիւնը ամսական կը ստանայ եւս 25 հազար տոլար «Ատրպէյճանի նախագահութենէն»՝ լրատուական ռազմավարութեան խորհրդատուութեան համար: Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան բաժնետոմսերուն 51 տոկոսը կը պատկանի Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան:
– Ատրպէյճանի ամերիկեան դաշինքը «Ֆապիանի էնտ քոմփընի» ընկերութեան ցարդ վճարած է 2.4 միլիոն տոլար «Ռազմավարութիւններու ծրագրաւորման եւ իրականացման համար՝ ատրպէյճանական ժողովուրդի, երկրի, մշակոյթի եւ միջազգային կապերու մասին հետազօտութիւններ եւ շահերու պաշտպանութիւն խրախուսելու նպատակով»: Վերջերս Ուաշինկթըի մէջ Ատրպէյճանի ամերիկեան դաշինքի կազմակերպած ճաշկերոյթին կը մասնակցէին 700 հիւրեր, որոնց շարքին էին՝ Օպամայի վարչամեքենայի պաշտօնատարներ, Քոնկրեսի անդամներ եւ օտար դիւանագէտներ: Խնճոյքին ներկայ էին նաեւ հայկական հարցերու ընդդիմախօս տխրահռչակ քոնկրեսականներ, անոնց շարքին՝ ծերակուտականներ Սաքսպի Չեմպլիս եւ Ռիչըրտ Պըր, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճան Պէյնըր եւ նախկին քոնկրեսական Տեն Պըրթըն:
– «Ռապըրթի Ուայթ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան (ՍՊԸ) ամսական 20.9 հազար տոլար վճարուած է Միացեալ Նահանգներու «Սոքար»ի՝ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան ամերիկեան դուստր ընկերութեան կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործարարական կարելիութիւնները ուսումնասիրելու համար:
– Քանի որ դրամի պակաս չկայ, նոյնիսկ Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը կրնայ ինքիրեն թոյլ տալ վարձել հասարակութեան հետ կապերու իր սեփական ընկերութիւնը: Տարիներու ընթացքին ան օգտուած է «Սիթրիք էնտ քամփընի» ընկերութեան (տարեկան 50 հազար տոլար), «Թուլշետ կրուփ»ի (35 հազար տոլար), որ հիմնադրուած է Ամերիկայի Հրէական կոմիտէի հասարակութեան հետ կապերու նախկին տնօրէն Ճէյսըն Քեցի կողմէ, եւ «Փոթոմաք սքուէր կրուփ»ի (գումարը չէ բացայայտուած) ծառայութիւններէն՝ «լրատուական քարոզչութիւն… եւ խմբագիրներու հետ համագործակցութիւն ապահովելու համար»:
Այժմ ի յայտ եկած է նախկին այլ քոնկրեսական մը, որ Ատրպէյճանի ամենակարող տոլարներուն հետապնդման լծուած է: Նիւ Եորքի նախկին քոնկրեսական Մայքըլ Մաքմահըն կը զբաղի այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան (տարածք մը, որ ճանչցուած է միայն զայն բռնագրաւած պետութեան՝ Թուրքիոյ կողմէ) հանրային կապերով եւ պետական յարաբերութիւններով: Մաքմահըն, որ մինչեւ 2010 ի իր պարտութիւնը ծառայած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, կը գլխաւորէ լոպիիստական աշխատանքները Նիւ Եորքի «Հերիք, Ֆայնշտէյն» ընկերութեան անունով, որ շահած է տարեկան 200 հազար տոլարի պայմանագիր՝ դէպի բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոս քոնկրեսական այցելութիւններ կազմակերպելու եւ լրատուամիջոցներով անոր հանրային վարկանիշը բարելաւելու նպատակով: Մաքմահըն նաեւ զբաղած է Նիւ Եորք Քաղաքի մէջ Թուրքիոյ ընդարձակուող հիւպատոսութեան զարգացմամբ եւ շինարարութեամբ:
Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ Մաքմահընի անունը անցեալ շաբաթ ջուրի երես ելաւ՝ փորձելով օրինականացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի կեղծուած վերընտրութիւնը, ուր ան հաւաքած էր քուէներուն 85 տոկոսը, մինչդեռ անոր ինը մրցակիցները միասին ստացած էին մնացած 15 տոկոսը:
Հակառակ անոր որ միջազգային դէտերը կը քննադատէին Ալիեւի վերընտրութիւնը՝ իբրեւ «անարդար եւ կեղծիքներով լի», «Նիւ Եորք Թայմզ»ը՝ մէջբերելով Մաքմահընը, կը նշէ, որ ընտրութիւնները եղած են՝ «Ազնիւ, արդար եւ իրօք արդիւնաւէտ: Այնտեղ աւելի կարճ էր կարգի սպասողներու շարքը, քան՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ վիճելի քուէաթերթիկներ չկային», ինչ որ պատահեցաւ Ֆլորիտայի մէջ 2000 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Վրդովեցուցիչ է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը դարձած է Մաքմահընին զոհը՝ որոշելով կեղծուած ընտրութիւններուն մասին իր յօդուածը վերնագրել «Դէտերը տարակարծիք են Ատրպէյճանի մէջ ընտրութիւններու արդարութեան վերաբերեալ»: Այսպիսով, «Թայմզ»ը անձի մը ատրպէյճանամէտ քարոզչութիւնը հաւասարեցուցած է համատարած խարդախութիւններու ճնշող ապացոյցներուն հետ՝ հաստատուած այնպիսի հեղինակաւոր միջազգային դէտերու կողմէ, ինչպիսին է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ): Բարեբախտաբար, «Թայմզ»ը մատնանշած է, որ՝ «կը թուի, թէ գնահատականներուն տարբերութիւնը կ՛արտացոլացնէ Ալիեւի կառավարութեան հակասական լոպիիստական ջանքերը՝ ընտրութիւնները ներկայացնելու իբրեւ արդար»:
Ամերիկահայերը չեն կրնար մրցիլ ատրպէյճանական շռայլ բաշխումներուն հետ: Անոնք պէտք չէ ալ այդպէս ընեն: Ամերիկահայերը կարիքը չունին միլիոններ ծախսելով լոպիինկ ընելու առկայ փաստերը ներկայացնելու համար, քանի որ ճշմարտութիւնը իրենց կողմն է:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը